ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՑ ՀԱՄԱՐԿՄԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԷՆ

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան վերջերս ընդունեց ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի Երեւանի գրասենեակի նորանշանակ ներկայացուցիչ Աննա-Գարին Օստը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան հաստատուած սուրիահայոց դիմագրաւած հիմնախնդիրները։ Նկատի ունենալով, որ Մխիթար Հայրապետեան վերջերս այցելած էր Սուրիա եւ Մերձաւոր Արեւելքի այլ շարք մը երկիրներ՝ զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան այդ ուղեւորութեան վերաբերեալ զանազան հանգամանքներ։ Նախարարը մասնաւորապէս վառ տպաւորութիւններ փոխանցեց Հալէպի հայ համայնքին շուրջ։ Մխիթար Հայրապետեան կանգ առաւ նաեւ Դամասկոսի հայկական դեսպանատան եւ Հալէպի հայկական հիւպատոսարանին կողմէ ծաւալուած գործունէութեան վրայ։

Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայոց համարկման վերաբերեալ հարցեր։ Կողմերը համամիտ գտնուեցան Սփիւռքի նախարարութեան եւ ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի Երեւանի գրասենեակի համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2018