ՍՏԵՓԱՆ ԱԲԷԼԵԱՆ. «ԱՆՊԱՅՄԱՆ ՀՈՆ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՄ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՔԵՍԱՊԸ… ԻՄ ԿԵԱՆՔՆ Է»

Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով ականատես եղանք մարդկային տխուր պատմութիւններու: Հակամարտութեան հետեւանքով ցիրուցան եղան հազարաւոր ընտանիքներ, բնականաբար, այդ ճակատագրէն անմասն չմնացին Սուրիոյ զանազան շրջաններուն մէջ ապրած եւ կեանք կերտած մեր հայ հայրենակիցները: Այսօրուան իմ հերոսը այն հայերէն է Քեսապի, ուրկէ տխուր դէպքերուն հետեւանքով «գաղթականի ցուպը ձեռին» հեռացաւ իր ծննդավայրէն ու «գաղթական»ի կարգավիճակ ստանալով յայտնուեցաւ հեռաւոր Միացեալ Նահանգներու մէջ...

Ստեփան Աբէլեան Քեսապի տնտեսութեան մէջ կարեւորագոյն ներդրում ունեցած առեւտրական մըն է, որ իր կեանքին սկսաւ օճառի արդիւնաբերութեամբ, ապա այդ ասպարէզին մէջ փայլուն յաջողութիւններ արձանագրելէ ետք անցաւ այլ ոլորտներ:

Ստեփան Աբէլեանի հետ զրոյցին շարժառիթը հանդիսացաւ Դիմատետրի Aleppo Armenians էջին վրայ իր կողմէ տեղադրուած պատկեր մը, ուր խօսակիցս կանգնած էր ինքնաշարժի մը առջեւ: Պատկերին տակ կար գրառում մը, ուր Աբէլեան կը գրէր, թէ այդ տարին (1974) Քեսապէն Հալէպ մեկնած էր իր ստանձնած օճառի գործարանին համար նոր սարքեր պատրաստել տալու: Պատկերը նկատելէս անմիջապէս ետք յաջողեցայ կապ հաստատել ներկայիս ալ Լոս Անճելըս գտնուող Աբէլեանին հետ եւ արդիւնքը եղաւ ստորեւ ներկայացուած հարցազրոյցս:

*

-Պրն. Աբէլեան, իմ ուշադրութիւնը գրաւեց նկար մը, որ զետեղած էիք Դիմատետրի հալէպեան խումբի մը մէջ, ուր գրած էիք՝ «Օճառի գործ կ՚ընէիք Քեսապ»: Ե՞րբ հիմնեցիք գործարանը, կրնա՞ք պատմել ձեր գործարանի մասին: Ինչպէ՞ս սկսաք ձեր գործին:

-Գործարանը իմ աներհօրն էր: Ես 1989 թուականին յանձն առի եւ ստանձնեցի գործարանը վարելու պատասխանատուութիւնը: Այդ տարիներուն Սուրիոյ տնտեսական վիճակը այնքան ալ քաջալերական չէր եւ բազմաթիւ դժուարութիւններ (նիւթերու, գործիքներու, վաճառքի եւ այլն) կային: Բացի դժուարութիւններէն, Արեւմուտքի բոլոր երկիրները Սուրիոյ նկատմամբ ժխտական դիրքորոշում մը ունէին: Այդ դժուար պայմաններուն տակ որոշեցինք բերել նորութիւն մը, որ տարբեր էր Հալէպի նշանաւոր ապրանքանիշերէն, որովհետեւ այդ ժամանակ մեր արտադրութիւնը ճանչցուած չէր եւ չէինք կրնար մրցակցութեան մէջ մտնել հին եւ հռչակ վայելող օճառի գործարաններուն հետ. ինչպիսին էր օրինակ՝ Հալէպի «Ղար» օճառը: Իմ այս նպատակին հասնելու համար նախ սերտեցի շուկան, ապա Ֆրանսայի իմ բարեկամներուն հետ երկու տարի ուսումնասիրութիւններ կատարեցի օճառի նոր եւ իւրայատուկ տեսակ մը ստեղծելու համար: Սկիզբը շատ դժուարութիւններ ունեցանք, սակայն մեր արտադրանքը մեծ յաջողութիւն եւ անուն գտաւ 1996 թուականէն ետք: 2007 թուականին ստացայ սուրիական արտադրանքային մենաշնորհի արտօնագիր, ուր գրուած էր մեր արտադրութեան իւրայատկութիւններուն եւ առաւելութիւններուն մասին:

-Ի՞նչ բանով կը տարբերի ձեր արտադրութիւնը միւսներէն:

-Մեր արտադրածը շատ մը առաւելութիւններ ունի: Առաջին գլխաւոր տարբերութիւնը օճառի պատրաստման եղանակն է: Մեր պատրաստած օճառը երկար ժամանակ «եփելու» կարիք չունի, այս իսկ պատճառով ալ իր մէջ պարունակուող բոլոր իւղերը կը պահեն իրենց յատկութիւնները, ինչպէս նաեւ բոյրը: Երկրորդ առաւելութիւնը՝ արտադրութեան արագ ընթացքն է: Եթէ բոլոր գործարաններուն համար օճառ եփելը մէկ շաբաթ կը պահանջէ, իսկ չորցնելը մէկ տարի, ապա մեր մօտ՝ եփելը քանի մը ժամ կը պահանջէ, իսկ չորցնելը 40-60 օր: Այսինքն արտադրանքը շատ արագ է, իսկ որակը բարձր:

-Ի՞նչ է ձեր արտադրութեան անունը եւ առաջին անգամ ո՞ւր ծախեցիք զայն:

-Մեր օճառը կոչեցինք «Լորաբէլ»: Թէ՛ անունը եւ թէ արձանագրուած ըլլալը տակաւին իմ սեփականութիւնն են եւ այդպէս ալ պիտի մնան: Ցայսօր ալ կը շարունակեմ պետական տուրքեր վճարել, որովհետեւ չեմ ուզեր այդ իրաւունքները կորսնցնել: Հոս՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ առիթն ունէի գործիս վերստին սկսելու, սակայն չուզեցի, որովհետեւ միտքս եւ հոգիս Քեսապ է, կ՚ուզեմ գործս վերականգնել Քեսապի մէջ: Անշուշտ վերսկսելու համար հսկայական գումարներու կարիքը կայ:

Մեր արտադրութիւնը առաջին անգամ Ճաբոն ուղարկած եմ: Երկար տարիներ, մինչեւ պատերազմի սկիզբը՝ 2011 թուականը, ես ապրանքը արտահանած եմ Ճաբոն, Գանատա եւ Ֆրանսա: Քեսապի դէպքերուն ընթացքին գործարանը ամբողջութեամբ կողոպտած էին: Հաւանաբար բոլոր սարքաւորումները, որոնք պատրաստուած էին Հալէպի հայ արհեստաւորներուն ձեռամբ, տեղափոխուած են այլ երկիրներ։

-Կրնա՞ք պատմել Քեսապի դէպքերու մասին: Ո՞ւր կը գտնուէիք դուք, երբ «Էլ Նուսրա» խմբաւորման զինեալները Քեսապ ներխուժեցին:

-Ես ընտանիքիս հետ Քեսապ կը գտնուէի այդ օրերուն: Երբ քաղաք ներխուժեցին, գիշեր էր, քնացած էի, յանկարծ տասներեք տարեկան տղաս արթնցուց զիս՝ ըսելով, որ տարօրինակ ձայներ կը լսուին փողոցէն: Ես խենդի մը պէս դուրս վազեցի եւ տեսայ, որ բոլոր կողմերէն ռմբակոծում կ՚ըլլայ. քառորդ ժամուան ընթացքին իմ տան շուրջ եօթ հրթիռներ ինկան: Այդ իրավիճակը տեսնելով, անմիջապէս մեր տան հագուստներով եւ առանց բան մը առնելու, ինքնաշարժ նստանք եւ Լաթաքիա փախանք: Ես շատ բան կորսըն-ցուցի այս պատերազմի պատճառով, տունս ամբողջութեամբ թալանեցին՝ դրամ, ոսկի, հագուստներ, տան կահ-կարասի… Այն ինչ որ չկրցան թալանել, ջարդու-փըշուր ըրին: Օճառի գործարանի կողքին ես նաեւ կը զբաղէի ուրիշ արտադրութիւններով: Քեսապի հայ կանանց տան արտադրութիւնը իմ գործարանի անունով եւ պիտակով կը վաճառէի, օրինակ՝ օշարակներ, նուռի թթու, անուշներու տեսակ, մեղր եւ այլն: Գործարանը թոներով արտադրութիւն կար՝ մօտաւորապէս 45 թոն օճառ, մեծ քանակութեամբ նիւթեր, որոնց ամբողջ հումքը սուրիական արտադրանք էր, եւ անշուշտ սարքեր: Այս բոլոր գործերու կողքին, վերանորոգած էի տասն հին առանձնատուն եւ ամրան զբօսաշրջիկներուն վարձով կու տայի:

Այս պատերազմէն, կողոպուտէն ետք աղքատ եւ հարուստ հաւասարեցան: Ճիշդ է, բոլորը վնասեցին, սակայն հարուստը շատ բան կորսնցուց: Փառք կու տամ Աստուծոյ, որ ուժ եւ գիտակցութիւն տուաւ ինծի այս բոլորին դիմակայելու ու տոկալու համար:

-Զանազան առիթներով խօսած եմ քեսապցիներու հետ ու կայ մօտեցում մը, թէ Քեսապի տեղացի բանուորներն ու զայն շրջապատող գիւղերու բնակիչները մասնակցած են քաղաքին դէմ նիւթուած դաւադրութեան: Ի՞նչ է ձեր կարծիքը այս մասին:

-Շատ դժուար է պատասխանել կամ կարծիք մը ունենալ այս մասին, որովհետեւ մենք յստակ ապացոյց մը չունինք, սակայն ենթադրութիւններ եւ բազմաթիւ ըսի-ըսաւներ կան, բայց կրնամ պատմել իմ պարագան: Այն բանուորը, որ օճառ եփելու պատասխանատուն էր եւ քսաներկու տարիէ ի վեր քովս կ՚աշխատէր (եւ այդ տարիներու ընթացքին ես եւ ընտանիքս ոչ միայն իր, այլ նաեւ իր ազգականներուն օգնած ենք իրենց վիճակը բարելաւելու համար), նախքան Քեսապի կողոպուտը զիս խաբելով գնաց Թուրքիա: Ըսաւ, որ աներհայրը շաքարախտով կը տառապի եւ կ՚ուզեն քանի մը օրով զինք տեսնել, սակայն երբ կինս հարցուց՝ «Պիտի վերադառնա՞ս», ան պատասխանեց՝ «Անշուշտ պիտի վերադառնամ: Պզտիկները դպրոց ունին, պիտի գան, որպէսզի դասերը շարունակեն», բայց քանի մը քայլ առնելէ ետք շարունակեց՝ «Եթէ չվերադառնանք, ներեցէք մեզի»: Մենք այդ նախադասութենէն վստահ եղանք, որ ան պիտի չվերադառնայ: Դէպքերէն ետք, ան հեռաձայնեց ինծի եւ հարցուց, թէ ո՛ւր եմ եւ ըսաւ. «Մի՛ մտահոգուիր. զինեալ խումբին մէջ կան քու հացդ կերած մարդիկ, որոնք քու տուներդ, հողդ, կալուածներդ իրենց աչքերուն պէս կը պահեն»: Ես իրեն ըսի. «Շատ գործաւորներ ունէի եւ շատերը իմ հացս կերած են, ինծի յստակ անուն տուր», ապա պատասխանեց. «Իմ աներձագս, Ահմէտը»: Այդ Ահմէտը շատ անկիրթ, նախանձոտ, ծայրայեղ անձ մըն էր եւ օր մը խանութիս մէջ անյաջող դէպքի մը ժամանակ կինս զինք վռնտած էր, ուստի ոխ ունէր: Ես արդէն հասկցայ, որ ամէն բան կորսըն-ցուցի: Մէկ շաբաթ վերջ հեռաձայնեցի եւ հարցուցի իրեն, թէ Քեսապ գնա՞ց, թէ ոչ։ Ան պատասխանեց ըսելով, որ գացած է եւ ուզած է տան վիճակը ստուգել, նաեւ քանի մը ապրանք առնել, սակայն զինեալները արգիլած են իրեն: Երբ հարցուցի՝ ովքե՞ր են այդ զինեալները, ըսաւ, որ մեր տղաքն են՝ այսինքն մեր գործաւորները: Շատեր Քեսապէն ելլելէ ետք, փորձած են իրենց տուները հեռաձայնել եւ իմանալ, թէ ո՞վ կայ հոն: Կրնամ ըսել, որ բոլորին ալ իրենց գործաւորները պատասխանած եւ ըսած ե. «Մի՛ մտահոգուիք ամէն ինչ լաւ է», սակայն անոնք տուները թալանած եւ այրած են:

Քեսապի ազատագրումէն ետք ես երկու անգամ հոն գացի, եւ աչքերովս տեսայ, թէ բոլորին տուները եւ խանութները կողոպտուած են: Քսանհինգ տարուան աշխատանքի արդիւնքը 48 ժամուան ընթացքին կորսնցուցինք: Կրնանք ըսել, որ հայկական գիւղը՝ Քեսապը թալանուած եւ հրկիզուած է այն մարդոց կողմէ, որոնք մեր հացը կերած են յիսուն եւ աւելի տարիներ, եթէ նոյնիսկ անոնք չէին, բոլորն ալ դեր ունէին այդ պատահածին մէջ: Քեսապի պատերազմը անուանած են «աւարի պատերազմ», եւ ինչ որ 1909 թուականին կատարուած էր, նոյնը կատարուեցաւ 2014 թուականին:

-Լաթաքիա երթալէ ետք ի՞նչ ըրիք եւ ինչպէ՞ս Ամերիկա հասաք:

-Լաթաքիան հանգրուան մըն էր միայն: Մօտաւորապէս բոլոր քեսապցիները Լաթաքիա գացին եւ հոն երեք ամիս մնացին՝ մինչեւ Քեսապի ազատագրումը: Ես երբ վերադարձայ եւ տեսայ ընդհանուր իրավիճակը, որոշեցի Միացեալ Նահանգներ մեկնիլ: Ըսեմ նաեւ, որ ես եւ ընտանիքիս անդամները 2007 թուականէն ի վեր Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներ ենք, այս իսկ պատճառով նախ ընտանիքս ուղարկեցի, ապա Քեսապի ազատագրումէն ետք ես ալ մեկնեցայ: Հիմա հոս՝ Գալիֆորնիոյ մարմինները, որպէս անգործներ, մեր օրուայ ծախսերը կը հոգան: Ապաստան գտած ենք փոքր կառատան մը մէջ, որ նորոգելէ ետք վերածեցինք տունի:

-Մտադրութիւն ունի՞ք կրկին Քեսապ վերադառնալու, կամ յոյս ունի՞ք այդ հայաշունչ աւանի վաղուան ապագայով:

-Քեսապի ապագան կապուած է Սուրիոյ ապագային հետ: Յոյսս երբեք չեմ կորսնցուցած, որովհետեւ Քեսապը իմ կեանքն է եւ չեմ կրնար ինքզինքս ողջ-ողջ թաղել: Այնքան ատեն որ կ՚ապրիմ, Քեսապը իմ մէջս կ՚ապրի եւ ես Քեսապով կ՚ապրիմ: Երեք տարիէ ի վեր Միացեալ Նահանգներ եմ. շատ շրջեցայ եւ հարցուցի ու նկատեցի, թէ քիչ թիւով հայեր կրցած են Ամերիկայի մէջ լաւ դիրքի հասնիլ, իսկ ես Քեսապի մէջ ո՛չ միայն հարստութիւն, այլեւ շատ լաւ դիրք ունէի: Բազմաթիւներ ինծի ըսին, որ սխալ ըրած եմ Քեսապի մէջ այդքան մեծ գումարներ ծախսելով, սակայն ես համամիտ չեմ. եթէ ենթադրութիւններու վրայ պիտի հիմնես կեանքդ, ուրեմն Գալիֆորնիոյ մէջ մարդ պէտք չէ մնայ, որովհետեւ ըստ գիտնականներու շատ վտանգաւոր երկրաշարժային գօտիի վրայ կը գտնուի Գալիֆորնիան։ Թեթեւ երկրաշարժ մը կրնայ քանդել ամբողջ քաղաքը, բայց սա չի նշանակեր, որ ուր վտանգ կայ, հոն կեանք չկայ:

Ինծի համար այն ընտանիքները, որոնք Քեսապ վերադարձան՝ հերոսներ են: Անշուշտ պատերազմը շատ բան փոխած է՝ ոչ միայն երեւոյթներ, այլ նաեւ մարդոց նկարագիրը, ընկերային կենցաղը, իրենց նիստուկացը եւ մտածելակերպը մեծապէս փոխուած են: Բայց եւ այնպէս, ես բոլորը հերոսներ կը համարեմ, որովհետեւ մինչեւ այսօր անոնք կը պահեն Քեսապը։

-Կը կարծէ՞ք, որ այս դէպքերէն ետք օր մը պիտի կարողանաք Քեսապ վերադառնալ ու վերահաստատուիլ:

-Անշուշտ կրնամ, ըսեմ աւելի՛ն. միայն Քեսապ, ուրիշ ոչ մէկ տեղ: Քեսապը մեր պատմական հողը եղած է եւ մենք հազար տարուան պատմութիւն ունինք այդ հողին վրայ: Մեր պապերու աճիւնները հոն են եւ Քեսապը կը հանդիսանայ այն պատմական աւանը, զոր պէտք է ամէն գնով պահենք: Նոյնիսկ Սուրիոյ պետութիւնը գիտէ, որ Քեսապը հայկական դիմագիծ ունի եւ այդ դիմագիծը պէտք է պահպանուի: Եթէ Քեսապի յարձակումը տեղի չունենար, հաւատացէք որ քաղաքը ծաղկուն կը մնար:

-Այս բոլորը հայութեան համար դաս չեղա՞ւ, որ օտար հողի վրայ կեանք ստեղծելը ապարդիւն է: Սուրբգրային խօսք մը կայ, որ կ՚ըսէ. «Ձեր տուները աւազի վրայ մի՛ կառուցէք, այլ ժայռի վրայ»։

-Ես ձեր ըսածին հարիւր տոկոսով կը ձայնակցիմ… Եթէ անձ մը կարենայ գիտնալ, թէ ո՛ւր աւազ է եւ ո՛ւր ժայռ, ապա բարեյաջող կ՚ըլլայ անոր գործը ու ապահով հիմերու վրայ կը կառուցէ իր կեանքը։ Սուրիոյ մէջ կան զանազան խմբաւորումներ, որոնք կը կործանեն երկիրը։ Իսկ հոս՝ Ամերիկա կան ուրիշ երեւոյթներ, որոնք կը կործանեն երկիրը: Օրինակ՝ երկու տղամարդ երբ եկեղեցւոյ խորանի առջեւ կենալով, Աստուծոյ անունով կը պսակուին որպէս այր եւ կին եւ իրենց միասեռական հակումները կը վաւերացուին եկեղեցւոյ, պետութեան եւ կազմակերպութիւններու կողմէ, ապա ի՞նչ կրնամ սպասել կամ ո՞ւր է ժայռը: Տղաս հիմա 11-րդ դասարանն է եւ ոչ թէ կառավարական, այլ սեփական դպրոց կը յաճախէ: Երբ իրեն հետ զրուցեցի իր ընկերներուն մասին՝ նկատեցի, որ նոյնիսկ աշակերտ մը չկայ իր հօր եւ մօր հետ ապրող, բոլորն ալ «հաւաքածոյ» ընտանիքներ են: Հետեւաբար հոս սովորական աւազ չկայ, հոս ճահիճ կայ: Շատեր զիս կ՚այպանեն Հայաստան չգացած ըլլալուս համար։ Ես դէմ չեմ, բայց մեծ յոյսեր չունիմ Հայաստանի մասին, ուր բազմաթիւ խնդիրներ կան եւ քաջալերական բան մը չկայ  գաղթելու, հոն նոր կեանքի սկսելու համար: Օրինակ մը կ՚ուզեմ տալ. եկաւ ժամանակաշրջան մը, երբ Սուրիոյ ընդդիմադիր խումբի իշխանութեան տակ կը գտնուէր երկրին 80 տոկոսը, սակայն չկրցան ժողովուրդը գոհացնել։ Ընդհակառակն, երկիրը քանդեցին եւ ստիպեցին բնակչութեան մեծամասնութեան փախուստի դիմել։ Անոնք չյաջողեցան՝ նոյնիսկ որպէս նմոյշ, քաղաք մը շէնցնել ու ըսել, որ մենք այսպիսի կեանք կը խոստանանք ձեզի: Իսկ Հայաստանի պարագային ալ չկրցան սփիւռքահայը քաջալերել՝ հայրենիք հրաւիրել ու զայն պահել: 1967 թուականին՝ երբ արաբ-իսրայէլեան պատերազմը տեղի ունեցաւ, այն ժամանակ Իսրայէլը քսան տարուան պետութիւն մըն էր. նոր, երիտասարդ երկիր մը ըլլալով հանդերձ, ան կրցաւ դիմագրաւել իր շուրջ հաւաքուած հինգ-վեց արաբական երկիրները եւ միայն հինգ օրուան ընթացքին յաղթական դուրս եկաւ այդ պատերազմէն: Հայաստան քսանհինգ տարեկան է… Արդեօք կրնա՞յ Իսրայէլի նման յաղթանակներ վայելել: Ցաւօք, մեր՝ հայերուս պարագային շատ յաճախ մեր հաւաքական մօտեցումները թերի են եւ այդ պատճառով ալ ամուր ժայռերու վրայ չենք կրնար նետել մեր արմատները:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2018