ՖՐԱՆՍԱՑԻ ՀԱՅԱԳԷՏՆԵՐ

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի «Մանուկ Աբեղեան» գրականութեան կաճառէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ շնորհանդէս մը, որու ընթացքին ծանօթացուեցաւ «Ֆրանսացի հայագէտներ (19-20-րդ դարեր)» անուն գիրքը, որ լոյս տեսած է վերջերս։ Այս գիրքի հեղինակն է բանասէր Փրոֆ. Աէլիտա Տոլուխանեան, որ միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի Մշակոյթի վաստակաւոր գործիչի կոչումին արժանացած է։ Այս գործը նուիրուած է նշանաւոր հայագէտներ Սեն Մարթենի, Լանկլուայի, Պրոսէի, Տիւլորիէի, Մաքլերի եւ Ֆէյտիի։ Այս վերջիններու հայագիտական ժառանգութիւնը մանրամասնօրէն ներկայացուած է գիրքին մէջ, ուր ներառնուած է նաեւ մերօրեայ յայտնի հայագէտ Ժան-Փիէռ Մահէի վերաբերեալ երկու յօդուած։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, գիրքը տպագրուած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի գիտահրատարակչական խորհուրդի եւ «Մանուկ Աբեղեան» գրականութեան կաճառի գիտական խորհուրդի որոշումով։ Ակադեմիայի հայագիտական ուսումնասիրութիւնները գանձատրող Համահայկական հիմնադրամի միջոցներով լոյս ընծայուած է այս աշխատանքին։

Շնորհանդէսի ընթացքին Աէլիտա Տոլուխանեան ունեցաւ ելոյթ մը։ Արտայայտուեցաւ նաեւ բանասէր Տքթ. Անուշաւան Զաքարեան, որ եղած է այս գիրքի խմբագիրը։ Շուրջ 700 էջէ բաղկացեալ այս գործը գեղարուեստական առումով ալ բարձր ճաշակով ու որակով պատրաստուած է։ Գինեձօնի ընթացքին շեշտուեցաւ, որ ֆրանսացի յիշեալ հայագէտները ձգտած են հայկական մշակոյթն ու պատմութիւնը ներկայացնել մարդկութեան պատմութեան համայնապատկերին վրայ։ Աշխատութիւնը ունի գիտական, քաղաքական, նաեւ ազգային բնոյթ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2018