ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ՝ Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիոս Փաւլոփուլոս պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Երէկ, ան Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան զինուորական արարողութիւնով դիմաւորեց իր պաշտօնակիցը, որու հետ ունեցաւ առանձնազրոյց մը։ Երկու նախարարները աւելի վերջ գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները եւ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Օրուան տեւողութեան հիւր ղեկավարը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ, նաեւ ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։
Թէ՛ երկկողմանի եւ թէ բազմակողմանի համագործակցութեան տեսակէտէ կարեւոր պատգամներ տրուեցան Փաւլոփուլոսի Երեւան այցելութեան ժամանակ։ Այդ բոլորը համագործակցութեան նոր հորիզոններ ուրուագծեցին։ Հայաստան-Յունաստան-Յունական Կիպրոս եռակողմանի փոխյարաբերութիւնները նոր թափով յառաջ տանելու ուղղութեամբ որոնումները ընդգծուեցան ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Փաւլոփուլոս շեշտեց, որ Յունաստան մօտաւոր ապագային պիտի վաւերացնէ ԵՄ-ի եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը։ «Լաւագոյն մօտեցումն է, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը խորապէս կը հասկնայ միւսի խնդիրները, կը գիտակցի, թէ անոնց լուծումները պէտք է գտնել համամարդկային արժէքներու եւ իրաւունքներու սահմաններուն մէջ», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս միեւնոյն ժամանակ խոստացաւ նպաստել Եւրոմիութեան հետ մուտքի արտօնութիւններու դրութեան ազատականացման արագացման։ Իր խօսքով Յունաստան կ՚առաջարկէ դառնալ ԵՄ-է ներս Հայաստանի թիւ մէկ գործընկերը։ Համագործակցութեան խորացման հնարաւորութիւններու քննարկման ժամանակ շեշտուեցաւ, որ Հայաստան Յունաստանի համար կրնայ դառնալ դարպաս մը դէպի Եւրոասիոյ տնտեսական միութիւն։ Արմէն Սարգսեան առաջարկեց յառաջիկայ տարի Երեւանի մէջ կազմակերպել Հայաստան-Յունաստան-Յունական Կիպրոս եռակողմանի հանդիպումը։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը։ Երկու նախագահները խօսեցան նաեւ հայկական եւ յունական սփիւռքներուն շուրջ։ Արմէն Սարգսեան ընդգծեց, որ հայ եւ յոյն սփիւռքները պէտք է աւելի խոր համագործակցին։ Իր կարգին, Փաւլոփուլոսն ալ շեշտեց, որ երկու սփիւռքներու ամենամեծ ձեռքբերումը կը համարուի հայրենիքի հետ կապը։
Փաւլոփուլոսի հետ զրուցելու ժամանակ Նիկոլ Փաշինեանն ալ շեշտեց, որ Հայաստան-Յունաստան-Յունական Կիպրոս եռակողմանի համագործակցութիւնը կրնայ մեծ արդիւնք ապահովել։