ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԱՅՆՊԻՍԻ ԶԷՆՔԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԵՐԲԵՔ ՉԵՆ ՏՐՈՒԻՐ ԱՅԼ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) խորհրդարանական վեհաժողովի 12-րդ լիագումար նիստը երէկ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Ժողովի մասնակիցներու շարքին էր Ռուսաստանի Պետական տումայի՝ ԱՊՀ-ի, Եւրոասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու կոմիտէի ղեկավար Լէոնիտ Քալաշնիքով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս վերջինը պատասխանեց Ռուսաստանի կողմէ Ատրպէյճանին վաճառուող զէնքերու մասին հարցումի մը։ Շեշտադրումը այն էր, որ Հայաստան կ՚անդամակցի ՀԱՊԿ-ին եւ Ռուսաստան զէնք կը վաճառէ անոր հակառակորդին՝ Ատրպէյճանին։ Լէոնիտ Քալաշնիքով այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Ռուսաստան զէնք կը վաճառէ ո՛չ միայն Ատրպէյճանին, այլեւ՝ զէնք կը վաճառէ նաեւ իր դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն, որոնց շարքին է Հայաստանը եւ անոր կը վաճառէ աւելի շատ, այնպիսի զինատեսակներ, որոնք երբեք չի վաճառեր այլ երկիրներու։
Հարկ է յիշեցնել, որ հայկական աղբիւրները վերջին շրջանին արձագանգ կը հանդիսանան, թէ մինչեւ տարեվերջ կամ յառաջիկայ տարեսկիզբին ռուսական նոր ռազմաօդանաւեր պիտի տրամադրուին Հայաստանին։