ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ՔԱՅԼԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Սթոքհոլմ, երէկ, հանդիպում մը ունեցաւ Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները գոհունակութեամբ արձանագրեցին, որ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները կը զարգանան աշխոյժ ձեւով՝ հիմնուած ըլլալով ամուր ու բարեկամական համագործակցութեան վրայ։ Սա ի զօրու է թէ՛ երկկողմանի եւ թէ բազմակողմանի ձեւաչափերու պարագային։ Մնացականեան եւ Լինտէ կարծիքներ փոխանակեցին երկկողմանի օրակարգին վերաբերեալ հարցերու շուրջ՝ ուղենշելով ներկայ համագործակցութեան առաւել զարգացման հեռանկարներն ու նոր ոլորտներու ներգրաւմամբ ձեռնարկուելիք յետագայ քայլերը։

Երկու նախարարները անդրադարձ կատարեցին միջազգային եւ տարածքաշրջանային շարք մը հրատապ հարցերու։ Մնացականեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացի վերջին զարգացումները, Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը եւ մօտեցումները։ Երկուստեք կարեւորուեցաւ խաղաղութեան տեսակէտէ նպաստաւոր միջավայրի մը ձեւաւորումը եւ ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու ուղղեալ համաձայնութիւններու իրականացումը։

Բաց աստի, Զօհրապ Մնացականեան Սթոքհոլմի մէջ տեսակցեցաւ Շուէտի Միջազգային զարգացման եւ համագործակցութեան նախարար Փիթէր Էրիքսոնի հետ։

Հարկ է նշել, որ Մնացականեան Սթոքհոլմի մէջ կը մասնակցի Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան 10-ամեայ յոբելեանի շրջանակներէն ներս կազմակերպուած նախարարական հանդիպման։  

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2019