ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին մէջ կը կարդանք.-

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Փարիզի կեդրոնին մէջ վերջերս փառաւոր հանդիսութեամբ մեծարուեցան Կոմիտաս Վարդապետն ու Յովհաննէս Թումանեանը։ Ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպանատան եւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մօտ Հայաստանի մնայուն պատուիրակութեան կողմէ, կը վայելէր բարձր հովանաւորութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան, ինչպէս նաեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մօտ հայկական ազգային յանձնաժողովին։

Նախ «des Actes»
սրահին մէջ բացումը
 կատարուեցաւ Յովհաննէս Թումանեանին նուիրուած ցուցահանդէսին՝ «Զրոյց՝ ժամանակի հոլովոյթին մէջ» խորագրով, ուր ցուցադրուած շուրջ երկու տասնեակ պատկերները հակիրճ տեղեկութիւններ կը հաղորդէին բանաստեղծի խորհրդածութիւններուն, կեանքին, գործին եւ օտարազգի գրողներու ու գրաքննադատներու վկայութիւններու մասին։ Ռուս բանաստեղծ Վալերի Պրիւսով կ՚ըսէ. «Ընդհանուր առմամբ Թումանեանի բանաստեղծութիւնը նոյնինքն Հայաստանն է՝ հնադարեան եւ նոր...»։ Բացատրութիւնները տրուած էին ֆրանսերէնով եւ անգլերէնով։ Ափսո՜ս որ հայերէնը բացակայ էր...։

Բացման արարողութեան Թումանեանի եւ Կոմիտասի նուիրուած ելոյթներով հանդէս եկան պատուիրակութեան մը գլուխը նախօրէին Փարիզ ժամանած Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի նախարար Արայիկ Յարութիւնեան եւ կրթութեան հարցերով ԻՒՆԷՍՔՕ-ի փոխ-տնօրէնուհի Սթեֆանիա Ճիանինի։ Ներկայ էին էր Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան եւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մօտ Հայաստանի մնայուն դեսպան Քրիսթիան Տէր-Ստեփանեան։

Այնուհետեւ հարիւրաւոր հանդիսականները ուղղուեցան դէպի ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համագումարներու դահլիճը, ուր ելոյթ պիտի ունենար Հայաստանի Պետական սենեկային երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ երաժիշտ Ռոպերթ Մլքէեանի։ Նախարար Յարութիւնեանի, Ճիանինիի եւ Տէր-Ստեփանեանի խօսքերէն ետք սկսաւ համերգը։ Երգացանկին մէջ ներառուած էին Կոմիտասի խմբերգներու բոլոր ժանրերը՝ քնարական, ժողովրդական, ծիսական, հոգեւոր, սիրային, ողբերգական, հորովելներ եւ այլն։ Յատկանշական էին նաեւ յայտագրին մէջ ընդգրկուած Կոմիտասի դաշնամուրային ստեղծագործութիւնները եւ մեներգեցողութիւնը։

Համերգի մենակատարներն էին՝ սոփրանօ Սոֆիա Սայաթեան (հարսանեկան երգեր, օրօր), թենոր Ռազմիկ Պաղտասարեան (Կռունկ, Կալի երգը), դաշնակահար Նուարդ Ալոյեան (Գարուն է, Լեռներ), պարիթոն Յովհաննէս Գրիգորեան (Անտունի), պաս Արմէն Գրիգորեան (Մոկաց Միրզէն) եւ պարիթոն Մավր Մկրտչեան որ Հայաստանի նուիրուած երգով թնդացուց սրահը։ Հուսկ՝ երգչախումբին հիասքանչ կատարողութեամբ հնչեց հանրութեան քիչ ծանօթ «Գարուն» խմբերգը։

Բառերը անկարող են նկարագրելու այն խոր ապրումներն ու կարօտով լեցուն զգացումները, զորս երգչախումբը պարգեւեց ունկնդիրներուն։ Ի՞նչ ըսել արտակարգ ուժով համակուած «տնաւեր» հայ պանդուխտի երգը հիւսող «Անտունի»ի կատարողութեան մասին...։ Հապա համերգին մուտքի ե՞րգը՝ նուիրական «Հաւուն հաւո՛ւն»ը, Վարդապետի մշակած «Ախ, Մարալ ջա՛ն»ը, «Ալագեա՛զ»ը կամ Վարդավառի գալուստը աւետող «Սոնա եա՛ր»ը...։ Կոմիտաս իր հեղինակային ստեղծագործութիւններով հարստացուցած է հայ երաժշտութեան գանձարանը, իսկ այդ ժառանգութիւնը արժանավայել կերպով հանդիսատեսին փոխանցեց Հայաստանի Սենեկային երգչախումբը։

Յայտագրի աւարտին խանդավառ հանդիսականները յոտնկայս երկար ծափերով գնահատեցին Ռոպերթ Մլքէեանի ղեկավարած խումբին ելոյթը։ Կը մնայ ըսել, որ ամէ՛ն մարդ եւ մասնաւորաբար ամէ՛ն հայ իր կեանքին մէջ գոնէ մէկ անգամ պէտք է ներկայ գտնուի ա՛յս երգչախումբի համերգին։

Ապրի՛ք հայրենի արուեստագէտներ, որ կ՚ապրեցնէք իրական հայ երգը։

Ձեր վարձքը կատար։

Միւս կողմէ, յաջորդ օրը երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ նաեւ Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս-Մկրտիչ Մայր տաճարին մէջ, մատուցելով կոմիտասեան հոգեւոր երաժշտութիւնը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2019