ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱՎԷՃ

Մոսկուայի ղեկավարութիւնը վերջին օրերուն ամենաբարձր մակարդակի վրայ ահազանգ կը հնչեցնէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս Մերձաւոր Արեւելքէ վարձկան ահաբեկիչներու գոյութեան մասին։ Թէ՛ հայկական եւ թէ միջազգային աղբիւրներ շաբաթներէ ի վեր կ՚անդրադառնան անոնց Ատրպէյճանի բանակի կազմին ընդգրկուած ըլլալուն։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նախընթաց օր «Քոմերսանտ» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ հերթական անգամ անդրադարձաւ այս խնդրին։ Ի դէպ, սա առաջին յայտարարութիւնը չէր, սակայն աննախընթաց էր, որովհետեւ ռուսական կողմը խնդրին անդրադարձաւ շատ աւելի հիմնաւորուած, վիճակագրական տուեալներով եւ յստակ փաստարկներով։ Լաւրովէն վերջ, երէկ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ անդրադարձաւ այս հարցին։ Ըստ իրեն, ճիհատականներու Լեռնային Ղարաբաղի տեղափոխուիլը Անդրկովկասէ ներս ահաբեկչական կղզեակի մը յառաջացման պատճառ կրնայ դառնալ։ Զախարովա նշեց, որ կան տեղեկութիւններ, ըստ որոնց ներկայիս ալ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամներ Մերձաւոր Արեւելքէ կը փոխադրուին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտի։ Խօսքը կը վերաբերի ծայրայեղ տրամադրութիւններով վարձկաններու։ Զախարովա ըսաւ. «Այս բոլորը չեն կրնար մեր մօտ լուրջ մտահոգութիւն չյառաջացնել, որովհետեւ հեռանկարին վրայ իրավիճակի նման զարգացումը յղի է նոր ահաբեկչական կղզիացումի մը յառաջացման այժմ արդէն Անդրկովկասի մէջ»։ Այս խնդրին շուրջ ռուսական կողմի անհանգստութիւնը ընդգծելու առընթեր Մարիա Զախարովա խօսեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի ընթացքին շուրջ։ «Կոչ կ՚ուղղենք հակամարտ կողմերուն, որպէսզի ծայրայեղ զսպուածութիւն դրսեւորեն եւ գործնականօրէն տարածքաշրջանէ ներս իրավիճակը տանին լիցքաթափման», ըսաւ ան եւ կարեւորեց քաղաքացիական բնակչութեան հարուածներ հասցնելէ խուսափիլը։ Ըստ իրեն, պէտք չէ թոյլ տալ նաեւ արտաքին ուժերու միջամտութեան։ Մարիա Զախարովա դիտել տուաւ, որ բանակցութիւնները պէտք է վերսկսին՝ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ հիմնարար սկզբունքերու հիմքով, խաղաղութեան հասնելու համար։

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս վարձկաններու գոյութեամբ պայմանաւորուած խնդիրը դիւանագիտական հարթութեան վրայ բանավէճի մըն ալ տեղի տուած է Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ։ Արդարեւ, Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը առաջին իսկ օրէն կը հերքէ այդ լուրերը։ Լաւրովի նախընթաց օրուան հարցազրոյցէն վերջ, Իլհամ Ալիեւ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, որոնց ընթացքին թէ՛ հերքեց հերթական անգամ այդ տուեալները եւ թէ ռուսական կողմին մեղադրանքներ հասցէագրեց։ Սպանական «EFE» լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ան ըսաւ. «Բազմիցս պատասխանած եմ այս մեղադրանքներուն, անհիմն մեղադրանքներ են։ Եթէ անկեղծ խօսինք, կը ցաւիմ, թէ չհաստատուած տեղեկութիւններէ եւ բամբասանքներէ կ՚օգտուին բարձրաստիճան ներկայացուցիչները այն երկիրներուն, որոնք պէտք է չէզոք ըլլան ու գործեն ԵԱՀԿ-ի կողմէ իրենց տրուած լիազօրութեան հիման վրայ։ Մեր մօտ վարձկաններ չկան։ Բազմիցս ըսած եմ այդ մասին։ Ունինք բանակ, որ կազմուած է 100 հազար մարտիկէ։ Եթէ համընդհանուր զօրահաւաք յայտարարենք, ապա կը կարողանանք քանի մը անգամ աւելի շատ հաւաքել։ Սակայն ի տարբերութիւն Հայաստանի, չենք ըներ։ Որեւէ ապացոյց չկայ, թէ մեր կողմէ կը մարտնչի օտար մարտիկ մը։ Աւելի քան ամիսէ մը ի վեր մեզի որեւէ ապացոյց, փաստաթուղթ, փաստարկ չէ ներկայացուած։ Միայն յայտարարութիւններ են։ Ուստի, ինչո՞ւ անոնք չեն տեսներ հայկական կողմի մօտ կատարուողը. որքան վարձկաններ կը կռուին իրենց կողմէ։ Ինչո՞ւ այդ մասին ոչինչ կ՚ըսեն Ռուսաստանն ու Ֆրանսան, որոնք մեզ կը մեղադրեն։ Սա ընտրովի մօտեցում մըն է, որ չի կրնար ընդունելի ըլլալ մեզի համար, չի համապատասխաներ համանախագահներու լիազօրութիւններուն։ Բազմիցս ըսած եմ՝ միջնորդները պէտք է ըլլան չէզոք։ Եթէ անոնք կը կանգնին որեւէ մէկու կողքին, իրենց գործն է, սակայն, այդ պարագային պէտք է թողեն միջնորդութիւնը»։

Նոյն հարցազրոյցին ժամանակ Ալիեւ անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի համագործակցութեան։ Ան յայտնեց, որ իր երկիրը կը ներածէ ու պիտի շարունակէ ներածել սպառազինութիւն Թուրքիայէն։ «Ինչո՞ւ անոնք, որոնք յամառօրէն կը խօսին Թուրքիոյ կողմէ մեզի ցուցադրուող ռազմական օգնութեան մասին, չեն խօսիր միջնորդի՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ Ռուսաստանի կողմէ Հայաստանին ցուցաբերուող ռազմական աջակցութեան մասին», յայտնեց Ալիեւ։ Բաց աստի, ան մատնանշեց, որ Պաքուի ռուս պաշտօնատարներուն ներկայացուցած է, թէ պատերազմի այս շրջանին Հայաստան ի՞նչ արժողութեամբ սպառազինութիւն ստացած է։ Միեւնոյն ժամանակ, Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման իմաստ չի տեսներ։ «Վերջին երկու տարիներուն ես բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած եմ, սակայն, բացի առաջին մէկ քանիէն, մնացեալ բոլոր հանդիպումները անօգուտ էին եւ իմաստազուրկ», դիտել տուաւ Ալիեւ։ Ի դէպ, Ալիեւի այս յայտարարութիւններով հանդերձ, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ Պաքու պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններ վարելու՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս։ Ալիեւի երէկուան յայտարարութիւնները արձագանգ գտան Մոսկուայի դիւանագիտական շրջանակներուն կողմէ։ Խօսքը մասնաւորապէս կը վերաբերի Լաւրովի յայտարարութիւններուն շուրջ անոր կողմէ ըսուածներուն։ «ԹԱՍՍ» գործակալութիւնը Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան իր աղբիւրէն տեղեկացած է հետեւեալը. «Անկեղծ ըսուած՝ մեզի համար ընդհանրապէս հասկնալի չէ Ատրպէյճանի յարգարժան նախագահ Իլհամ Ալիեւի արձագանգը Սերկէյ Լաւրովի մեկնաբանութեան»։ Ռուսական կողմը տարօրինակ համարած է Ալիեւի յուզական, զգացական արձագանգը Լաւրովի խօսքերուն։ «Ատրպէյճանի նախագահի օգնականները մի գուցէ ինչ որ նիւթ ցոյց տուած են իրեն եւ կամ ներկայացուցած՝ իրենց սեփական մեկնաբանութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, կը շարունակենք համոզուած ըլլալ, թէ վարձկան-գրոհայիններու Անդրկովկաս ներթափանցումը կը սպառնայ տարածքաշրջանի երկիրներուն՝ ներառեալ Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի կայունութեան եւ անվտանգութեան», տեղեկացած է «ԹԱՍՍ» ռուսական դիւանագիտական աղբիւրներէն։

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին կապակցութեամբ Մոսկուա-Անգարա առանցքի առկայ տարակարծութիւնները կ՚ունենան զանազան նոր դրսեւորումներ, նոր եւ ուշագրաւ յայտարարութիւններով։ Ռուսաստանի Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքին յայտնեց, որ Թուրքիոյ հետախուզութիւնը կը մասնակցի Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւններուն։ «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ան ըսաւ. «Ռուսաստանի Արտաքին հետախուզութեան ծառայութիւնը այս բանը կը զգայ եւ աշխատանքի առանձին տարրեր կը տեսնէ»։ Հարկ է նշել, որ պատերազմի սկիզբի օրերուն Նարիշքին եղած էր առաջին ռուս բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն, որ օրակարգի վրայ բերած էր Ատրպէյճանի զօրքերու շարքին Մերձաւոր Արեւելքէ վարձկան գրոհայիններու ներգրաւման խնդիրը։

Թեհրանի ղեկավարութիւնն ալ կը շարունակէ հետամուտ մնալ այս հարցին։ Իրան հիւսիսային սահմաններու երկայնքով կը խստացնէ անվտանգութեան միջոցները, կը կատարէ կուտակումներ։ Այդ բանակէն բարձրաստիճան հրամանատարներ իրերայաջորդ այցելութիւններ կու տան երկրի հիւսիսային սահմանները, որոնց մօտակայքին շաբաթներէ ի վեր պատերազմ կ՚ընթանայ։ Իրանի «Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու բանակ»ի հրամանատար Հիւսէյին Սալամի յայտնեց, որ նախազգուշացում տրուած է Ատրպէյճանին ու Հայաստանին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան սաստկացման համայնապատկերին վրայ Իրանի հետ սահմանակից շրջաններէ ներս ահաբեկիչներու ներկայութեան հարցով։

Տարածքաշրջանի անմիջական դերակատարներու ուշադրութեան զուգահեռ՝ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմը միջազգային բեմահարթակի վրայ ալ օրակարգը կը զբաղեցնէ առաջնահերթօրէն։ Երէկ, Սերկէյ Լաւրով հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաասի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ։ Լաւրով եւ Մաաս վերահաստատեցին հոկտեմբերի 10-ին Մոսկուայի մէջ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու կատարած յայտարարութեան մէջ նշուած պայմանաւորուածութիւններու շուտափոյթ իրագործման անհրաժեշտութիւնը։ Խօսքը կը վերաբերի մարդասիրական հրադադարի համաձայնութեան, որ երեք անգամ վերահաստատուելով հանդերձ ձախողած է։ Արցախի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ Գերմանիոյ դիրքորոշումը խոշորացոյցի տակ կ՚առնուի մասնաւորապէս։ Երեւանի մէջ վերջին օրերուն Գերմանիոյ դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան։ Ցուցարարները պահանջեցին, որ Գերմանիա դադրեցնէ ռազմական արտադրութեան առեւտուրը Թուրքիոյ հետ։ Բաց աստի, Պունտեսթակէն երկու երեսփոխան Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելէն պահանջեց պատժամիջոցներ սահմանել Իլհամ Ալիեւի դէմ։

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն Ֆրանսան ալ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ կը շարունակէ իր դերակատարութիւնը։ Երէկ, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան «Եւրոպա 1» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ հերթական անգամ անդրադարձաւ պատերազմին։ «Թուրքիա ակրեսիւ գործողութիւններ կ՚իրականացնէ Եւրոպայի անմիջական հարեւանութեամբ՝ մասնաւորաբար Լիպիոյ, Միջերկրականի արեւելեան հատուածին, Լեռնային Ղարաբաղի ու նոյնիսկ Իրաքի հիւսիսին մէջ», ըսաւ ֆրանսացի նախարարը եւ ընդգծեց, որ Փարիզ կը պահանջէ Անգարայի այս վերաբերմունքի փոփոխութիւնը։ Իր կարգին, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնն ալ երէկ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը հեռախօսազրոյցի մը ընթացքին քննարկեց Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի հետ։ Կողմերը ընդգծեցին հակամարտութեան խաղաղ ու դիւանագիտական ճանապարհով կարգաւորման կարեւորութիւնը։   

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2020