ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԻՋԵՒ Կ՚ԸՆԹԱՆԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ խորհրդարանէ ներս զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ յայտնեց, որ Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին՝ Լեռնային Ղարաբաղի առկայ պատերազմի մթնոլորտին մէջ։ Ծանօթ է, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անցեալ շաբաթավերջին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին նամակ մը ուղարկած էր՝ պահանջելով, որ դաշնակցային պարտաւորութիւններու իրականացման շուրջ յստակեցումներ ըլլան։ Լրագրողներու յամառ հարցումներուն ի պատասխան՝ Զօհրապ Մնացականեան ըսաւ. «Մեր խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին, այլ բան չեմ կրնար ըսել»։ Մամլոյ սպասաւորները յիշեցուցին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին դէմ կատարուած ոտնձգութիւններուն մասին՝ մէջբերելով օրինակներ։ Մնացականեան դիտել տուաւ, որ որոշումները կ՚առնուին ըստ իրավիճակի։ «Այն ինչ կը վերաբերի մեր պայմանագրային յարաբերութիւններուն եւ անոնցմէ բխած գործառոյթներուն, ինչ որ անհրաժեշտ է՝ հիմա կը կատարուի», աւելցուց նախարարը։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Մնացականեան յայտնեց, որ մարդասիրական հրադադարի հաստատման համաձայնութիւնը երեք անգամ խախտուած է Ատրպէյճանի կողմէ։ Այս կէտին վրայ ան կրկնեց Երեւանի կողմէ վերջին շրջանին Անգարային հասցէագրուած քննադատութիւնները։ Ան ըսաւ, որ Ատրպէյճան հաւանաբար Թուրքիոյ կողմէ ուղղորդուած ըլլալով խախտած է հրադադարը։ Բայց եւ այնպէս, սա չի նշանակեր, որ հրադադարի ամրագրման ուղղութեամբ աշխատանքները դադրած են։ Հայկական կողմը այս բանը առանձին չ՚ըներ, այլ կ՚աշխատի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։ Այդ աշխատանքներու հիմքին կը գտնուին այն չորս կէտերը, որոնք նշուած էին հոկտեմբերի 10-ին Մոսկուայի մէջ հրապարակուած համատեղ յայտարարութեան մէջ։ Ըստ Մնացականեանի, անոնք վերահաստատուած են նաեւ յաջորդած միւս հանդիպումներուն ժամանակ եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին։ Մնացականեանի խօսքով՝ կարեւոր հարցերէն մին է հրադադարի վերահսկման համակարգի ներդրումը։ Սա հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ առաւել արդիւնաւէտ իրականացնելու ամէն ինչ։ Ըստ իրեն, շատ կարեւոր է, որ համանախագահները ներգրաւուած մնան այդ աշխատանքներուն մէջ։ Իր կարգին, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեանն ալ երէկ լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ անդրադարձաւ նոյն հարցին։ «Մեր եւ Ռուսաստանի միջեւ իրաւապայմանագրային դաշտ մը կայ։ Սա կը վերաբերի ռուսական ռազմախարիսխին եւ 2011 թուականին շատ կարեւոր փոփոխութիւն մը կատարուած է։ Ունինք 1997 թուականի համաձայնագիրը, որու մէջ կը խօսուի՝ բռնութեան վտանգի դէմ գործելիք դրութեան մասին։ Եւ երկրորդ կէտը արդէն բռնութեան պարագային կը վերաբերի։ Մեր մեկնակէտն է, որ գոյութիւն ունի բռնութեան վտանգ։ Եթէ արձանագրենք, որ բռնութիւն է, ապա առաջին քայլով որո՞ւ պէտք է դիմենք. սա պէտք է ըլլայ ՄԱԿ-ը, որմէ յետոյ դաշնակիցները։ Սա կ՚ենթադրէ շատ լուրջ աշխատանք։ Այս պարագային այո, ի հարկէ, Հայաստանի տարածքը ռմբակոծուած է, տակաւին չեմ խօսիր անօդաչու թռչող սարքերու մասին։ Բայց այս բոլորը այսօր արդէն գնահատել՝ որպէս բռնութիւն. սա քաղաքական որոշում է, որ կ՚առնուի բազմաթիւ հանգամանքներու հիման վրայ։ Ամէն պարագայի անվիճելի է, որ բռնութեան վտանգը կախուած է», ըսաւ Քոչարեան։ Բաց աստի, փոխ-նախարարը նշեց, որ այս իսկ պատճառով Հայաստան ըստ վերոյիշեալ երկրորդ յօդուածին՝ բռնութեան վտանգի պարագային, ներկայացուցած է իր դիմումը, ինչ որ կ՚ենթադրէ համապատասխան խորհրդակցութիւններ, որոնց հիման վրայ պէտք է կողմերը քայլերու ձեռնարկեն։ Ան ընդգծեց, որ այս մասը արդէն խորհրդապահական է։

Լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Շաւարշ Քոչարեան շեշտեց, որ որքան ատեն որ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին՝ բուն խնդիրը ռազմադաշտի վրայ է։ Հարցի լուծումը, ըստ էութեան, ռազմադաշտի իրադարձութիւններէն կախուած է։ «Բոլորս կը զգանք, թէ մօտակայ ժամանակով բեկում մը կ՚ըլլայ», ըսաւ փոխ-նախարարը եւ աւելցուց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահները չունին որեւէ բան պարտադրելու լիազօրութիւն, անոնց լիազօրութիւնը միջնորդելու համար է։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2020