ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԸ ԵՒ ՇՈՒՇԻՆ ԱՄԲՈՂՋ ԳԻՇԵՐ ԽՏԱՑԵԱԼ ԿՐԱԿԻ ՏԱԿ ՄՆԱՑԻՆ. ԿԱՆ ԶՈՀԵՐ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ դաշտի վրայ կացութիւնը կը շարունակէ մնալ մտահոգիչ ու մարդասիրական տեսանկիւնէ չափազանց ծանր։ Հայկական աղբիւրները հաղորդեցին, որ երէկ ամբողջ գիշերուան ընթացքին սաստիկ ռմբակոծման ենթարկուած են Արցախի մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտն ու Շուշին։ Ատրպէյճանի բանակի այս գործողութիւններուն հետեւանքով եղած են զոհեր ու վիրաւորեալներ։ Զանազան աղբիւրներու հաղորդումներով, զոհերու թիւն է երեք։ Ըստ այս առաւօտեան հաղորդումներուն, Արցախի Պաշտպանութեան բանակը գիշերը կասեցուցած է նաեւ Բերձորի վրայ Ատրպէյճանի ստորաբաժանումներուն կողմէ ձեռնարկուած յարձակումը։ Այս առաւօտուն ալ Ստեփանակերտի թիրախաւորումները շարունակուեցան՝ քասեթային ռումբերով։

Գիշերուան այս թէժ իրադարձութիւններէն առաջ, երէկ ալ Ատրպէյճանի զօրքերը ոչ-թիրախային ձեւով հրթիռներ տեղացուցին Ստեփանակերտի վրայ։ Նոյնպէս երէկ, Շուշիի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի բանակի գործողութիւնները շարունակուեցան։ Հայկական զօրքերը նկատեցին զրահամեքենաներու կուտակումներ։ Նոյն հատուածէն ներս, Լիսակորի եւ Քարինտակի գիւղերու մերձակայքին նկատուեցան Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ ներթափանցման փորձեր։ Հաղորդուեցաւ, որ Արցախի Պաշտպանութեան բանակին կողմէ այդ բոլորը չէզոքացուած են։

Հայկական միասնական տեղեկատուութեան կեդրոնէն ներս, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան երէկ երեկոյեան մամլոյ ասուլիս մը սարքելով հերթական անգամ ամփոփեց վերջին 24 ժամուան կացութիւնը։ Ըստ իրեն, երէկուան մարտերը յարաբերաբար աւելի թէժ էին՝ հրետանիի կիրառութեամբ։ Օրուայ տեւողութեան Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը հիւսիսային, հարաւային եւ կեդրոնական ուղղութիւններով, Կարմիր շուկայի հատուածին մէջ, փոքր յարձակման խումբերով, նուազագոյն քանակութեամբ զրահամեքենաներով, հրետանիի աջակցութեամբ փորձած են յառաջանալ։ Հայկական ստորաբաժանումները դիմադրութիւն ցոյց տուած են, կասեցուցած են յարձակումները եւ որոշ կորուստներ պատճառած՝ Ատրպէյճանի բանակին։ Շուշիի մերձակայքին ներթափանցման փորձերը հայկական ստորաբաժանումներու կողմէ կը կասեցուին, թէեւ ոչ երկարատեւ, սակայն, մարտերը կը շարունակուին։

Ընդհանրապէս, Արցախ-Հայաստան ճանապարհներու կացութիւնը, հասանելիութիւնը, անվտանգութիւնը այս օրերուն օրակարգի վրայ կը գտնուին։ Երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Արծրուն Յովհաննիսեանի նկատառման ալ յանձնուեցաւ սոյն խնդիրը, որուն արձագանգած էր նաեւ «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը։ Այս բոլորին շուրջ Յովհաննիսեան ըսաւ. «Առաջին անգամ չենք խօսիր, որ Ատրպէյճան կը թիրախաւորէ խաղաղ բնակիչները, լրագրողները, ծննդատուները, եկեղեցիները։ Այնպէս որ այստեղ զարմանալու բան կարծես թէ չկայ։ Ինչ կը վերաբերի լրագրողներու հետ աշխատանքին՝ ես երէկ անձամբ շփուեցայ անոնցմէ շատերուն հետ։ Արցախի իշխանութիւնները, Պաշտպանութեան բանակը աշխատանքի բոլոր պայմանները ստեղծած են։ Եթէ անոնք կ՚ուզեն աշխատիլ, ապա կը շարունակեն աշխատիլ, որեւէ խոչընդոտ չկայ։ Այլ հարց է, որ կրնան թիրախաւորուիլ։ Իսկ անոնք, որոնք կ՚ուզեն Արցախէն դուրս գալ, ապա համապատասխան ճանապարհներ կան»։

Ինչպէս ծանօթ է, նախընթաց օր հաղորդուած էր, որ Բերձոր-Շուշի ճանապարհը քաղաքային երթեւեկութեան փակուած է՝ Ատրպէյճանի բանակի ներթափանցման փորձեր կանխելու ուղղեալ աշխատանքներուն զուգահեռ։ Արծրուն Յովհաննիսեան երէկ տեղեկացուց, որ այդ ճանապարհի Լիսակորի հատուածը վտանգազերծուած է։ Հայկական զօրքերը պարեկութիւն կ՚իրականացնեն այնտեղ։ Քաղաքացիական անձերու համար այդ ուղղութիւնը տակաւին փակ կը մնայ՝ անվտանգութեան նկրտումներով։

Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Քննչական կոմիտէի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ ներկայ դրութեամբ Ատրպէյճանի մէջ կը գտնուի 21 հայ ռազմագերի։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2020