ԱՐԴԻ ԸՆՏԻՐ ՆՄՈՅՇՆԵՐ

Իսթանպուլի Հնութիւններու եւ գեղարուեստի տօնավաճառը, որ կազմակերպուած է Հարպիյէի «Լիւթֆի Քըրտար» համագումարներու կեդրոնի համալիրէն ներս, այս օրերուն կ՚արժանանայ անմիջական ուշադրութեան։ Վաղը պիտի եզրափակուի այս ձեռնարկը, որու ընթացքին շարք մը հայ արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններն ալ ներկայացուած են։

Այս տօնավաճառի ծիրէն ներս «ARTOPOL» գեղարուեստասրահի տաղաւարին ներկայացուած են պոլսահայ արդի նկարիչ Սայաթ Ուաշաքլըկիլի գործերը։ Գեղարուեստասէր շրջանակները հետզհետէ աւելի մեծ ուշադրութեան առարկայ կը դարձնեն Սայաթ Ուշաքլըկիլի ստեղծագործութիւնները։ Այս տօնավաճառին ժամանակ եւս անոնք այցելուներու հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնան։

Հնութիւններու բաժնէն ներս «Թուրքուազ» գրավաճառատունն ալ ունի տաղաւար մը, որ կ՚առանձնանայ իր մատուցածով։ Ծանօթ է, որ «Թուրքուազ»ի հիմնադիրներէն է մեր համայնքէն Բիւզանդ Աքպաշ, որ իր գործակցին՝ Նետրէթ Իշլիի հետ հին գիրքերու ոլորտէն ներս հեղինակութիւն մը կը համարուի։ Տօնավաճառի օրերուն «Թուրքուազ»ի տաղաւարը կը վերահսկեն Նետրէթ Իշլի եւ Մասիս Աքպաշ։

Ծաւալուն այս ձեռնարկի շրջանակին մէջ գեղարուեստասէրները հնարաւորութիւն կ՚ունենան նաեւ ծանօթանալու Հայաստանէն խումբ մը նկարիչներու ստեղծագործութիւններուն, որոնք կը ցուցադրուին «IMOGA Art Space»ի կողմէ։ Անոնք են՝ Արծրուն Ապրեսեան, Դաւիթ Դաւիթեան, Վահագն Իգիդեան, Տիգրան Ասատրեան, Աշոտ Եան եւ Վահագն Յարութիւնեան, որոնք հայկական արդի նկարչութեան վառ ներկայացուցիչներու շարքին կը դասուին։ Վերջին տարիներուն անոնք Թուրքիոյ մէջ հետեւողական մասնակցութիւն կը բերեն այսօրինակ զանազան ծրագրերու եւ արդէն վաղուց համբաւ ու համակրանք ձեռք բերած են։ 2016 թուականէն ի վեր անոնց ստեղծագործութիւններու Թուրքիոյ մէջ ծանօթացման ուղղութեամբ կարեւոր դեր խաղացած է «IMOGA»ն, որու ղեկավարներէն Էտա Թեքճան եւ Պահար Սուսուր-Աքայ կը վերահսկեն համանուն տաղաւարը ներկայ տօնավաճառի համալիրէն ներս։ Այդ ստեղծագործութիւնները գնորդներուն կը ներկայացուին՝ որպէս արդի նկարչութեան ընտիր նմոյշներ։

Հարկ է նշել, որ «IMOGA»ն տօնավաճառէն վերջ ալ սեփական տարածքէն ներս պիտի շարունակէ ներկայացնել այդ ստեղծագործութիւնները։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 6, 2021