ՄԻՇՏ ՆՈՅՆ «ՆԵՂ ՄԻՋԱՆՑՔԸ»

Հայազգի աշխարհահռչակ գիտնական, մեծանուն տնտեսագէտ փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլու Նոպելի մրցանակը նուաճելէ վերջ առաջին անգամ կարճատեւ այցելութեամբ եկած է Թուրքիա։ Ան այսօր Իսթանպուլի մէջ կը մասնակցի միջազգային համաժողովի մը։ Երէկ, Տարօն Աճէմօղլու այցելեց իր հասած վարժարանը՝ Կալաթասարայ լիսէն, ուր ջերմ վերաբերմունքի արժանացաւ։ Սա իր կողմէ խորհրդանշական քայլ մըն էր, որով արտայայտեց այս մեծ կրթական հաստատութեան նկատմամբ իր երախտագիտութիւնը՝ Նոպելի տնտեսագիտութեան մրցանակը նուաճելէ վերջ Թուրքիա առաջին այցելութեան առթիւ այցելելով պատմական դպրոցը։ Տեղական մամուլն ալ լայնօրէն արձագանգ հանդիսացած է, որ MIT-ի դասախօս փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլուի Թուրքիա գալէ վերջ առաջին այցելած վայրը եղած է Կալաթասարայ լիսէն, ուր ուղեւորուած է անմիջապէս օդակայանէն դուրս գալէ վերջ։

Կալաթասարայ լիսէի տնօրէն փրոֆ. Ռեշատ Տապաք ջերմօրէն դիմաւորած է հաստատութեան այս մեծանուն սանը, որ ակադեմական կեանքին եւ Նոպելի մրցանակին շուրջ զրուցած է աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ։ Այդ զրոյցը տեղի ունեցած է դպրոցի «12-Fen B» դասարանին մէջ, որու նստարաններէն անցած Տարօն Աճէմօղլու այնտեղ դասաժամի մըն ալ մասնակցած է։

Կալաթասարայ լիսէի միջանցքին մէջ նկարահանուած է Տարօն Աճէմօղլու։ Ան Ճէյմս Ռապինսընի հետ հեղինակած՝ պետութիւններու, հասարակութիւններու եւ ազատութիւններու ապագային վերաբերեալ «Նեղ միջանցք» գիրքին յղում ընելով՝ իր հասած դպրոցին մէջ ըսած է հետեւեալը. «Նեղ միջանցքը ահա՛ այս միջանցքն է»։

Փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլու այս օրերուն՝ որպէս բանախօս կը մասնակցի «Brand Week Istanbul»ին, որ պիտի աւարտի շաբաթավերջին։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2024