ՄՈԳԱԿԱՆ ՈՒԺԸ
«Խաղաղութեան խաչմերուկ. միաւորելով անվտանգութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը» խորագրով Երեւանի համաժողովի ընթացքին, վերջերս ելոյթ ունենալով Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնը զբաղեցնող անձը, որ իր արտայայտութիւններուն մէջ միշտ կը ջանայ ինքնատիպ երեւիլ, զինեալ ուժերու նիւթով ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրած է։ Ըստ իրեն, մեր իրականութեան մէջ անվտանգութիւն ըսելով՝ առաջին հերթին բանակ կը հասկնան, այն, ինչ սխալ մօտեցում է:
«Բանակը, ինչ խօսք, առանցքային դեր ունի անվտանգութեան ապահովութեան գործին մէջ, բայց անոր առանցքային դերը առաջինը եւ երկրորդը չէ: Կրկին կ՚ըսեմ. եթէ առաջինը կամ երկրորդը ըլլայ՝ կը նշանակէ անվտանգութեան համակարգ, առհասարակ, գոյութիւն չունի՝ լիովին խարխլուած է», ըսած է ան: Տարօրինակ է, որ պետութեան անվտանգութեան գործին մէջ բանակի գերակայութիւնը չընդունելով, գործադիրի ղեկավարը չի յստակեցներ, թէ ո՛րն է այդ պարագային երկրի անվտանգութեան թիւ մէկ երաշխիքը:
Եթէ բանակը չէ ատիկա, ինչպէս կը պնդէ, ուրեմն անկեղծ չէ ան: Այսինքն՝ կամ հիմա սուտ կը խօսի, երբ կ՚ըսէ՝ անվտանգութեան հարցին մէջ բանակը առաջնային չէ, կամ աւելի առաջ կը ստէր, երբ կը յայտարարէր, թէ Կիրանցի մէջ տեղադրուած սահմանային սիւները պիտի ապահովեն մեր անվտանգութիւնը: Անշուշտ, սահմանասիւները չեն կրնար անվտանգութեան երաշխիք ըլլալ՝ առանց բանակային ուժերու: Կառավարութեան գլուխը այս մէկը շատ լաւ կը հասկնայ, բայց կը շարունակէ կառչած մնալ այն կարծիքին, որ պետութեան անվտանգութեան, ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան ապահովութեան գործին մէջ բանակը յետին ծրագիր մըն է:
Փաշինեան երբեք աննպատակ չի խօսիր: Զինեալ ուժերու դերի եւ անուան նսեմացումը միանգամայն յարիր է անոր վարած ներքին եւ արտաքին քաղաքական ուղեգծի ոգիին ու տրամաբանութեան: 2018-ին իշխանութեան գալով, ՔՊ-ական խմբակը թիրախաւորեց երեք կարեւոր պետական հաստատութիւններ, որոնցմէ մէկը բանակն էր (միւս երկուքը՝ դպրոցն ու եկեղեցին էին): Կրնայ հարց յառաջանալ, թէ ինչո՞ւ Փաշինեան կը խուսափի բանակը անվտանգութեան իր նախասիրած համակարգերուն հետ՝ նոյն շարքի մէջ դասել եւ մարտունակ բանակ մը ունենալ, ինչպիսին էր մինչեւ 2018 թուականը:
Եթէ բացառենք դաւադրութեան բոլոր տեսութիւնները՝ կը պարզուի, որ Հայաստանի վարչապետին համար, կարծես թէ, զօրեղ բանակը ուղղակի աւելորդ գլխացաւանք է: Այսինքն՝ ունենալ լաւ զինուած, մարտունակ բանակ՝ կը նշանակէ ունենալ. ա) փայլուն սպայակազմ, որ կ՚աշխատի հայրենասիրութեան ու սպայական պատուի ու արժանապատուութեան գաղափարներու հիման վրայ, բ) կրթական համակարգ, ուր կը դաստիարակուին հայրենասիրութեան, ազգային աւանդոյթներու ու արժեհամակարգի կրող սերունդներ, գ) ռազմարդիւնաբերական հզօր համակարգ, դ) ազատ մտածող քաղաքացիներ, ե) պետութեան կողմէ կազմակերպուած եւ արդիւնաւէտ գործող սփիւռք, զ) եկեղեցւոյ շուրջ կազմաւորուած ցանցային կառոյց եւ այլն:
Սակայն, այստեղ առանցքային խնդիր մը կայ. արժանապատիւ սպան, ժրաջան ուսուցիչը, բարեխիղճ քաղաքացին, անխոնջ գիտնականը, սփիւռքի ազատամիտ հայրենակիցն ու ազգապահպան եկեղեցին երբեք չեն հանդուրժեր Հայաստանի վարչապետի աթոռը զբաղեցնող անձի ու անոր ՔՊ-ական խումբի նմաններուն, որոնք, փաստօրէն, երկիրը կործանման կը տանին։
Ուրեմն, անվտանգային համակարգը, իր բոլոր բաղադրիչներով եւ գործող կառավարութիւնը անհամատեղելի երեւոյթներ են:
Միայն թոյլ, անարժանապատիւ, արտաքին վտանգէն սարսափող հասարակութիւնն է, որ կրնայ իր քուէն տալ ներկայ վարչախումբին: Եւ միայն թուլամորթ, աթոռապաշտ ու արժանապատուութենէ զուրկ կառավարութիւնն է, որ կրնայ ապաւինիլ սահմանային սիւնի մը մոգական ուժին:
Խմբագրական՝ www.acnis.am-ի