ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ երէկ սկսաւ «Պարոյր Սեւակ-100» յոբելենական գիտաժողովը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, եռօրեայ գիտաժողովի ընթացքին կը ներկայացուին զեկուցումներ՝ անմոռանալի բանաստեղծ, մշակութային գործիչ, գրականագէտ ու թարգմանիչ Պարոյր Սեւակի կեանքին, գործունէութեան ու ժառանգութեան շուրջ։ Սեւակի 100-ամեակին ձօնուած նախաձեռնութիւնը կազմակերպած են ակադեմիայի Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքը, «Մանուկ Աբեղեան» գրականութեան կաճառը, Երեւանի Պետական համալսարանը, «Խաչատուր Աբովեան» հայկական պետական մանկավարժական համալսարանը եւ Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանը։ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնն ալ աջակցած է այս նախաձեռնութեան։

Ակադեմիոյ մէջ երէկ տեղի ունեցած բացումէն վերջ, գիտաժողովի աշխատանքները կը շարունակուին Մանկավարժական համալսարանին, ԵՊՀ-ի եւ «Մանուկ Աբեղեան» գրականութեան կաճառին մէջ։ Երէկուան բացման ներկայ էր նաեւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան։

Եռօրեայ գիտաժողովի շրջանակներէն ներս հետեւեալ թեմաթիք ուղղութիւններով քննարկումներ պիտի ծաւալուին. «Պ. Սեւակի գեղարուեստական ժառանգութիւնը», «Պ. Սեւակի գիտական ժառանգութիւնը», «Պ. Սեւակի ստեղծագործութեան գրական առընչութիւնները», «Պարոյր Սեւակը արուեստի մէջ», «Սեւակագիտութեան արդի խնդիրներ»։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2024