ՓՈՒԹԻՆԷՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ
Մոսկուայի մօտ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Գուրգէն Արսէնեան երէկ իր հաւատարմագիրը յանձնեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին։ Քրեմլինի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ համապատասխան արարողութիւնը, որու ընթացքին Փութինի կողքին էին Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ արտաքին քաղաքականութեան խորհրդատու Եուրի Ուշաքով։
Դեսպան Արսէնեան այս առթիւ յայտնեց, որ Ռուսաստան եղած է ու կը մնայ Հայաստանի բարեկամը։ Ողջունելով դեսպանը Փութին գոհունակութիւն յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները օգտուած են Քազանի մէջ «BRICS+» գագաթաժողովի հարթակէն եւ արդիւնաւէտ զրոյց մը ունեցած են ամուր խաղաղութեան հաստատման վերաբերեալ սկզբունքային հարցերու շուրջ։ Ռուս ղեկավարի խօսքով՝ Մոսկուա ամէն ինչ կ՚ընէ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւնները կարգաւորելու եւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը ապահովելու համար։ «Մեր համագործակցութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ կառուցուած է նոյն ոգիով։ Մենք ըրած ենք եւ կ՚ընենք ամէն ինչ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները կարգաւորելու եւ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութիւն ապահովելու համար», ըսաւ Փութին եւ աւելցուց, որ ռուսական կողմը պիտի շարունակէ աջակցիլ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման աշխատանքներուն՝ ըստ ամենաբարձր մակարդակի եռակողմանի համաձայնագրերուն, որոնք գոյացած են Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ։
Իր կարգին, դեսպան Արսէնեանն ալ ըսաւ. «Վլատիմիր Փութինը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի քաղաքացիներուն կրկին հասկցուց, որ Ռուսաստանը եղած է, կայ եւ կը մնայ բարեկամ»։
Միւս կողմէ, Սերկէյ Լաւրովն ալ յայտնեց, որ ի տարբերութիւն Արեւմուտքի կեղծարար միջնորդներուն՝ Մոսկուա Երեւանն ու Պաքուն չի դրդեր յապճեպ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու։ Ան ողջունեց խաղաղութեան գործընթացի շրջանակէն ներս ձեռք բերուած զգալի յառաջընթացը։ «Ռուսաստան վստահ է, թէ յապճեպ խաղաղութիւնը՝ առանց Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի դիրքորոշումներու, ինչպէս նաեւ տեղւոյն վրայ իրողութիւններու համակողմանի դիտարկման, որեւէ լաւ բանի չի յանգեցներ, ընդհակառակն, լարուածութեան ու հակամարտութեան հաւանական սրման յաւելեալ ռիսքեր կը ստեղծէ», ըսաւ Սերկէյ Լաւրով։