ԱՆՋՐՊԵՏԷՆ ՀՍԿՈՂՈՒԹԻՒՆ

Թուր­քիա ե­րէկ ու­նե­ցաւ կա­րե­ւոր ձեռք­բե­րում մը՝ փոր­ձա­գի­տու­թեան բնա­գա­ւա­ռին մէջ։ Այս­պէս, անջր­պետ ու­ղար­կուե­ցաւ «Göktürk-1» ար­բա­նեա­կը։ Այս ձեռք­բե­րու­մը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ռազ­մա­վա­րա­կան մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի։ Ֆրան­սա­կան Կու­յա­նա­յէն անջր­պետ ու­ղար­կուե­ցաւ ար­բա­նեա­կը եւ այս առ­թիւ մաս­նա­ւոր հան­դի­սու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ան­գա­րա­յի մէջ։ Ար­բա­նեա­կը անջր­պետ ու-­ղար­կուի­լը տե­սասփ­ռուե­ցաւ ու­ղիղ ե­թե­րով։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան, Ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Ֆիք­րի Ը­շըք եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ ներ­կայ ե­ղան ա­րա­րո­ղու­թեան։

«Göktürk-1» ար­բա­նեա­կը անջր­պե­տէն մին­չեւ 50 սան­թի­մեթր մօ­տա­ւո­րու­թեան հաս­նե­լով սեւ-սպի­տակ տե­սագ­րու­թիւն­ներ, նկա­րա­հա­նում­ներ կա­տա­րե­լու ի վի­ճա­կի է։ Մին­չեւ 2 մեթր գու­նա­ւոր, բարձր խտու­թեամբ տե­սագ­րու­թիւն­ներ, նկա­րա­հա­նում­ներ ը­նե­լու բա­ւա­րար սար­քա­ւո­րում­ներ ու­նի։ Անջր­պե­տը երկ­րա­գուն­դի շուրջ­բո­լո­րը կրնայ ը­նել 90 վայր­կեա­նի ըն­թաց­քին։ Ան սահ­ման­նե­րու անվ­տան­գու­թեան ե­րաշ­խա­ւո­րեան եւ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի ա­նու­նով պի­տի ըլ­լայ Թուր­քիոյ աչ­քը անջր­պե­տի մէջ։

Հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան ու­նե­ցաւ ե­լոյթ մը, ո­րու ըն­թաց­քին ա­ռանց ա­նուն տա­լու քննա­դա­տեց ՆԱ­ԹՕ-ի եր­կիր­նե­րը, ո­րոնք զէնք ու զի­նամ­թերք տրա­մադ­րե­լէ կը խու­սա­փին Թուր­քիոյ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016