ԵՄԻԱ-Ի ՄՕՏ ԴԻՄՈՒՄ

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը այ­սօր Թուր­քիոյ դէմ դատ կը բա­նայ Եւ­րո­պա­յի մար­դու ի­րա­ւանց ա­տեա­նին (Ե­ՄԻԱ) մօտ։ Ան­թի­լիա­սի աղ­բիւր­նե­րը այս ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը կը ներ­կա­յաց­նեն որ­պէս Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ ա­ռա­ջին դա­տա­կան քայ­լը Թուր­քիոյ դէմ։ Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­ձեռք­բեր­ման պա­հան­ջով այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը կը կա­տա­րուի Ան­թի­լիա­սի կող­մէ։ Ծա­նօթ է, որ ան­ցեալ տա­րի Ան­թի­լիաս այս հար­ցին շուրջ դատ բա­ցած էր Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ։ Դա­տա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նը դի­մած էր Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կար­ծի­քին։ Նա­խա­րա­րու­թիւ­նը թե­լադ­րած էր մեր­ժել դա­տը՝ զայն նկա­տե­լով Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նի ի­րա­ւա­սու­թեան սահ­ման­նե­րէն դուրս։ Հե­տե­ւա­բար, Ան­թի­լիա­սի աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, որ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը ո­րո­շած է դի­մել Ե­ՄԻԱ։ Այ­սօր, Սթրազ­պուր­կի մէջ այդ թղթած­րա­րը կը յանձ­նուի Եւ­րո­պա­կան դա­տա­րա­նին։

Մի­ջան­կեալ յայտ­նենք, որ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը այս դա­տին շրջագ­ծով Թուր­քիոյ մէջ ներ­կա­յա­ցու­ցած է ի­րա­ւա­բան Ճեմ Սո­ֆուօղ­լու։ Այս վեր­ջի­նը մե­զի յայտ­նած էր, որ Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան տե­սա­կէ­տին հի­ման վրայ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նը պի­տի ար­ձա­կէր վճիռ մը։ Թրքա­կան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րը ար­ձա­գանգ հան­դի­սա­ցած էին Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ տրուած ժխտա­կան տե­սա­կէ­տին։ Յա­մե­նայն­դէպս, ա­ւե­լի վերջ ո­րե­ւէ նո­րու­թիւն չհա­ղոր­դուե­ցաւ, որ այդ հի­ման վրայ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նը վճիռ մը ար­ձա­կա՞ծ է, թէ ոչ։ Ան­թի­լիա­սի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րուն մէջ ալ անս­տոյգ կը մնայ այս կէ­տը։

Այ­սօ­րուան դի­մու­մին ըն­դա­ռաջ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս տե­սագ­րուած պատ­գամ մը փո­խան­ցեց Սփիւռ­քի շրջա­նակ­նե­րուն։ Լոս Ան­ճե­լը­սի «Աս­պա­րէզ» օ­րա­թեր­թը «Armenian Weekly»ի հա­ղոր­դում­նե­րուն հի­ման վրայ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց այդ պատ­գա­մի բո­վան­դա­կու­թեան շուրջ։ Այս­պէս, Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս նշած է, որ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ժո­ղո­վուր­դին ա­նու­նով, ճա­նաչ­ման ու հա­տուց­ման պա­հան­ջով կը կա­տա­րուին այս դա­տա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը։ Ան պատ­մա­կան ո­րա­կած է Ան­թի­լիա­սի կող­մէ Ե­ՄԻԱ-ի մօտ կա­տա­րուած դի­մու­մը։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը մատ­նան­շած է, որ Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նը մեր­ժած է վե­րա­դարձ­նել Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Սի­սի եր­բեմ­նի պատ­մա­կան հո­գե­ւոր կեդ­րո­նը։ Ըստ ի­րեն, 1915-էն վերջ սա ա­ռա­ջին ի­րա­ւա­կան քայլն է։ Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի գա­հա­կա­լին խօս­քե­րով՝ ճա­նա­չու­մէն դէ­պի հա­տու­ցում անց­նե­լու գոր­ծըն­թա­ցէն ներս ի­րենք կ՚ակն­կա­լեն սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րու վե­րա­դար­ձը։

Միւս կող­մէ, վաղն ալ Պրիւք­սե­լի մէջ նա­խա­տե­ս-ւած է այս նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Յետ­մի­ջօ­րէին, տեղ­ւոյն Մամ­լոյ ա­կում­բի եր­դի­քին տակ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն հա­մար յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ պի­տի ը­նեն այն հինգ ի­րա­ւա­բան­նե­րը, ո­րոնք կը հե­տապն­դեն այս դա­տը։ Սոյն գոր­ծի չա­փում­նե­րուն, հանգ­րուան­նե­րուն եւ ա­նոր վե­րա­բե­րեալ ակն­կա­լու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ պի­տի տան ա­տե­նա­խօս­նե­րը։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին հե­տե­ւին լրա­տուա­կան գոր­ծա­կա­լու­թիւն­նե­րու եւ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ինչ­պէս նաեւ քա­ղա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­ներ։ Հա­ւա­քոյ­թին ներ­կայ պի­տի ըլ­լան նաեւ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ գոր­ծող Հայ դա­տի Պրիւք­սե­լի գրա­սե­նեա­կի տնօ­րէ­նը եւ յի­շեալ դա­տին հե­տա­մուտ ի­րա­ւա­բան­նե­րու խմբա­կէն ան­ձեր։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016