ԻՆՃԻՐԼԻՔԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար Ինճիրլիքի ռազմախարիսխէն ներս հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, երէկ Հուլուսի Աքար Ատանայի մէջ ունեցաւ շարք մը շփումներ, տեղւոյն վրայ քննելով բանակի ստորաբաժանումներուն կացութիւնը։ Իր հետ էր նաեւ Ցամաքային զօրքերու հրամանատար զօրավար Սալիհ Զեքի Չոլաք։
Նկատի ունենալով, որ Ճոզըֆ Տանֆորտ Ինճիրլիքի ամերիկեան զինուորական անձնակազմի Սուրբ Ծնունդը շնորհաւորելու համար այնտեղ փութացած էր՝ Հուլուսի Աքար մէկտեղուեցաւ նաեւ անոր հետ։ Պաշտօնական աղբիւրները մանրամասնութիւններ չեն հաղորդած հանդիպման օրակարգին շուրջ։