Հալէպի ՄԷջ Յոյսի Ծիլեր Կան
Հալէպի մէջ յոյսի ծիլեր կան. հրթիռակոծման վտանգը շեշտակի նուազած է, կենղացային բարելաւումներ կը նկատուին, կ՚ակնկալուի ջուրի, աստիճանաբար նաեւ՝ ելեկտրականութեան խնդիրներու լուծում:
Այս մասին «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդած է Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խըմ-բագիր Զարմիկ Պօղիկեան:
Սուրիական բանակը ազատագրած է Սուլէյմէն Հալապի թաղամասին մէջ գտնուող ջրամատակարար ընկերութիւնը եւ համապատասխան մարմինները կը զբաղին վերանորոգման աշխատանքներով: «Հալէպը զուրկ է ելեկտրականութենէն, սակայն տեղական ինքնակառավարման մարմիններու հաղորդմամբ, ելեկտրակայանը նոյնպէս կը վերանո-րոգուի եւ մինչեւ Նոր տարի հաւանաբար ելեկտրականութեան հարցը եւս կը լուծուի: Հիմնական խնդիրներն են գնաճն ու գործազրկութիւնը: Այս բոլոր հարցերը կը լուծուին, եւ քաղաքը կը սկսի աստիճանաբար վերականգնիլ միայն խաղաղութեան հաստատման պարագային: Վերականգնուած է նաեւ Հալէպի արդիւնաբերական շրջաններու՝ Շէյխ Նաճճարի եւ Լերամունի գործունէութիւնը: Հայ արհեստաւորներու մեծ մասի արհեստանոցները կը գտնուին Պոսթան Փաշա թաղամասին մէջ, ահաբեկիչներուն կողմէ թաղամասը գրաւուե-լէ եւ թալանի ենթարկուելէ ետք, անոնք գործազուրկ մնալէ բացի կրած են զգալի նիւթական կորուստներ: Թալանի ենթարկուած են նաեւ Պոսթան Փաշա գտնուող հայկական ծերանոցը եւ առողջական խնդիրներ ունեցող երախաներուն համար նախատեսուած «Արեւիկ» մանկական կեդրոնը: Այնուամենայնիւ յառաջիկայ օրերուն սուրիական բանակը ականազերծում պիտի կատարէ Պոսթան Փաշայի մէջ եւ հայ արհեստաւորները հնարաւորութիւն պիտի ունենան վերադառնալու իրենց արհեստանոցները», նշած է Զարմիկ Պօղիկեան:
«Հայկական վարժարանները կը շարունակեն իրենց բնականոն գործունէութիւնը, քաղաքին մէջ սնունդի եւ դեղօրայքի ճգնաժամ չկայ: Յուսանք, որ 2017 թուականին խաղաղութիւն կ՚ըլլայ եւ Սուրիոյ բնակչութիւնը դուրս կու գայ տագնապային իրավիճակէն: Ջուրի մատակարարման խնդիր չըլլար, եթէ ահաբեկիչները Հալէպին ջուր մատակարարող գիւղերուն մէջ չխափանեն դէպի Հալէպ ջուրի հոսքը», աւելցուցած է ան:
Վերջին շրջանին սուրիական բանակը դաշնակիցներուն հետ միասին իր վերա-հըսկողութեան տակ առած է Հալէպի արեւելեան 17 շրջաններ: Աւելի քան 18 հազար քաղաքացիներ սուրիական բանակին օգնութեամբ դուրս եկած են այս շրջաններէն, շուրջ 90 հազար քաղաքացիներ ալ սուրիական բանակի եւ դաշնակից զօրքերու հովանիի ներքոյ կը շարունակեն մնալ իրենց բնակավայրերուն մէջ:
Այդ շրջանները ազատագրելու եւ ահաբեկիչներէն մաքրելու արդիւնքով Հալէպի շատ թաղամասերու մէջ, որոնց մէջ կան նաեւ հայկական թաղամասեր, հրթիռակոծման վտանգը շեշտակի նուազած է: Թերեւս Հալէպի արեւելեան հատուածին մէջ կան շրջաններ, որոնք կը գտնուին ահաբեկիչներու վերահսկողութեան տակ, եւ այդ շրջաններուն մէջ խաղաղ բնակչութեան վրայ հրթիռակոծութիւններ կը կատարուին: Սուրիական բանակը կը շարունակէ իր յառաջընթացը՝ ազատագրելով նոր շրջաններ: Պոսթան Փաշա թաղամասի ազատագրումէն ետք Հալէպի հայաշատ թաղամասերէն մէկուն՝ Նոր գիւղին մէջ, իրավիճակը աւելի կայունացած է, քանի որ նախորդ չորս տարիներուն ընթացքին անընդհատ Պոսթան Փաշայէն կը հրթիռակոծէին Նոր գիւղի խաղաղ բնակչութիւնը, դիպուկահարներու թիրախին մէջ էին անցորդները եւ այլն: Այժմ Նոր գիւղը եւ շարք մը այլ շրջաններ աւելի հանգիստ են, բայց իրավիճակը ամբողջովին կրնայ կայունանալ Հալէպի լիակատար ազատագրումով: