ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԵԾԱՊԷՍ ԿԸ ԿԱՐԵՒՈՐԷ ՄԻՋՈՒԿԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ»

Վիեն­նա­յի մէջ, ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Մի­ջու­կա­յին անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րով մի­ջազ­գա­յին նա­խա­րա­րա­կան հա­մա­ժո­ղո­վը։ Ա­թո­մա­յին ու­ժա­նիւ­թի մի­ջազ­գա­յին գոր­ծա­կա­լու­թեան կեդ­րո­նա­կա­յա­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հա­մա­ժո­ղո­վը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան 140 եր­կիր­նե­րէ բարձ­րաս­տի­ճան պա­տուի­րա­կու­թիւն­ներ։

Հա­ւա­քի ըն­թաց­քին ե­լոյթ մըն ալ ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ան ընդգ­ծեց, որ Հա­յաս­տան մե­ծա­պէս կը կա­րե­ւո­րէ մի­ջու­կա­յին անվ­տան­գու­թեան ամ­րապն­դու­մը թէ՛ ազ­գա­յին եւ թէ մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դակ­նե­րու վրայ։ Նա­խա­րա­րը շեշ­տեց, որ Ե­րե­ւան ամ­բող­ջու­թեամբ կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ ՄԱԿ-ի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի թիւ 1540 բա­նա­ձե­ւով ստանձ­նած իր մի­ջազ­գա­յին պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ 2015-2020 թուա­կան­նե­րու ծրա­գի­րը կը նա­խան­շէ շարք մը յստակ քայ­լեր, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րին ազ­գա­յին մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն, ըն­թա­ցիկ ու ա­պա­գայ քայ­լե­րուն։

«Մաս­նա­ւո­րա­պէս, Ա­թո­մա­յին ու­ժա­նիւ­թի մի­ջազ­գա­յին գոր­ծա­կա­լու­թեան բազ­մա­թիւ տես­չա­կան ստու­գում­նե­րը եւ գնա­հատ­ման ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րը վե­րա­հաս­տա­տած են Հա­յաս­տա­նի՝ իր ստանձ­նած մի­ջազ­գա­յին պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­լու յանձ­նա­ռու­թիւ­նը եւ հրա­պա­րա­կայ­նու­թեան ու թա­փան­ցի­կու­թեան ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կը։ Մի­ջազ­գա­յին պայ­մա­նագ­րե­րու պա­հանջ­նե­րուն ան­հա­մա­պա­տաս­խա­նու­թիւն կամ ա­նոնց­մէ շե­ղում չէ ար­ձա­նագ­րուած։ Այս ամ­բող­ջին մէջ ցա­ւա­լի է, որ կարգ մը ան­դամ պե­տու­թիւն­ներ, մաս­նա­ւո­րա­պէս՝ Ատր­պէյ­ճան եւ Թուր­քիա ա­նար­գա­լի վե­րա­բեր­մունք ցու­ցա­բե­րե­լով Ա­թո­մա­յին ու­ժա­նիւ­թի մի­ջազ­գա­յին գոր­ծա­կա­լու­թեան ա­նոր ար­ձա­նագ­րած եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րուն դէմ կը փոր­ձեն մի­ջազ­գա­յին հար­թակ­նե­րը ծա­ռա­յեց­նել ի­րենց նեղ քա­ղա­քա­կան, քա­րոզ­չա­կան նպա­տակ­նե­րուն՝ Հա­յաս­տա­նի դէմ ան­հիմն մե­ղադ­րանք­ներ հնչեց­նե­լու հա­մար։ Շա­րու­նա­կա­բար շա­հար­կուող այս շին­ծու մե­ղադ­րանք­նե­րը չեն հա­մա­պա­տաս­խա­ներ ի­րա­կա­նու­թեան։ Ան­վե­րա­պա­հօ­րէն ա­ջակ­ցե­լով չտա­րած­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան՝ Հա­յաս­տան կը վե­րա­հաս­տա­տէ իր լիա­կա­տար հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը հա­մա­պա­տաս­խան պայ­մա­նագ­րե­րուն, ինչ­պէս նաեւ Ա­թո­մա­յին ու­ժա­նիւ­թի մի­ջազ­գա­յին գոր­ծա­կա­լու­թեան ե­րաշ­խիք­նե­րու հա­մա­ձայ­նագ­րին եւ յա­ւե­լեալ ար­ձա­նագ­րու­թեան», ը­սաւ Նալ­պան­տեան Վիեն­նա­յի հա­ւա­քին ըն­թաց­քին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016