ՆՈՒԷՐ՝ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԵՐՈՒՆ

Ա­նուշ Թրուանց կը տե­ղե­կաց­նէ Ե­րե­ւա­նէն.-

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) հիմ­նադ­րու­թեան 110-ա­մեա­կին ձօ­նուած յո­բե­լե­նա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու շար­քը եզ­րա­փա­կուե­ցաւ վեր­ջին հինգ օ­րե­րուն ըն­թաց­քին Ե­րե­ւա­նի մէջ կեան­քի կո­չուած բազ­մա­կող­մա­նի ծրագ­րով։ Ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն ա­ւար­տը բնո­րո­շուե­ցաւ եր­կու յատ­կանը-շա­կան բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեամբ։ Ար­դա­րեւ, ՀԲԸՄ ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան գետ­նի վրայ կեան­քի կո­չեց եր­կու կա­րե­ւոր նա­խա­գիծ։

ՀԲԸՄ-ի Ե­րե­ւա­նի «Վա­հէ Կա­րա­պե­տեան» հա­մա­լի­րէն ներս ե­րէկ պաշ­տօ­նա­պէս բա­ցուե­ցաւ «Քլաու­տիա Նա­զա­րեան» բժշկա­կան կեդ­րո­նը, որ ձօ­նուած է սու­րիա­հա­յե­րուն։ «Ա­ջակ­ցու­թիւն սու­րիա­հա­յե­րուն» ծրագ­րին շրջագծով ՀԲԸՄ Ե­րե­ւա­նի մէջ հաս­տա­տեց բժշկա­կան խորհր­դա­տուու­թեան կեդ­րոն մը, ո­րու ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րէն անվ­ճար պի­տի օգ­տուին սու­րիա­հա­յե­րը։ Բժշկա­կան սպա­սարկ­ման այս կեդ­րո­նին ե­րէ­կուան պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ՝ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի եւ ՀԲԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեա­նի կող­մէ։ Այս կեդ­րո­նը ձօ­նուած է ՀԲԸՄ-ի բա­րե­րար­նե­րէն Քլաու­տիա Նա­զա­րեա­նի ա­նու­նին։ Սա կը հա­մալ­րէ ՀԲԸՄ-ի մար­դա­սի­րա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։ Բժշկա­կան սպա­սարկ­ման այս կեդ­րո­նը կ՚ընդգր­կէ մաս­նա­գի­տա­կան զա­նա­զան բա­ժան­մունք­ներ. ինչ­պէս՝ ակ­նա­բու­ժու­թիւն, կնախ­տա­բու­ժու­թիւն, սրտա­բա­նու­թիւն, ման­կա­բու­ժու­թիւն եւ այլն։

Կեդ­րո­նի մաս­նա­գի­տա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը յա­ռաջ կը տա­նին Սու­րիա­յէն Հա­յաս­տան մեկ­նած եօթ հայ բժիշկ­ներ եւ եր­կու բոյժ-քոյ­րեր։ Ա­նոնք այդ նոյն վայ­րին մէջ ար­դէն նա­խա­պէս անվ­ճար բժշկա­կան օգ­նու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէին սու­րիա­հա­յե­րուն։ Այժմ այդ աշ­խա­տան­քը դար­ձած է ա­ւե­լի կա­նո­նա­կար­գուած եւ ա­մե­նօ­րեայ։ Կեդ­րոնն ալ օժ­տուած է նո­րա­գոյն սար­քա­ւո­րում­նե­րով։

Նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան բաց­ման հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին ող­ջու­նեց նման կեդ­րո­նի մը ստեղ­ծուի­լը Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Իր խօս­քե­րով, պե­տու­թիւնն ալ ա­մէն ինչ կ՚ը­նէ, որ­պէս­զի սու­րիա­հա­յե­րը անվ­ճար օգ­տուին Հա­յաս­տա­նի միւս բժշկա­կան կեդ­րոն­նե­րէն։

Ե­րե­ւա­նի մէջ ստեղ­ծուած «Սու­րիա­հա­յե­րու հիմ­նախն­դիր­նե­րը հա­մա­կար­գող կեդ­րոն» հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան մի­ջո­ցաւ այս նո­րաս­տեղծ բժշկա­կան կեդ­րո­նը պի­տի կա­րե­նան դի­մել այն սու­րիա­հա­յե­րը, ո­րոնք կը տա­ռա­պին ա­ռող­ջա­պա­հա­կան խնդիր­նե­րէ։ Ե­րէ­կուան բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին ՀԲԸՄ-ի կող­մէ պար­գե­ւատ­րուե­ցաւ այս հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան ղե­կա­վա­րը՝ Լե­նա Հա­լա­ճեան։ Այս վերջ­նոյն կող­մէ ղե­կա­վա­րուած կեդ­րո­նը մար­դա­սի­րա­կան բարձր նշա­նա­կու­թեամբ աշ­խա­տանք մը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ՝ Հա­յաս­տան հաս­տա­տուած սու­րիա­հա­յոց պա­րա­գա­յին։ Լե­նա Հա­լա­ճեա­նի պար­գե­ւը յանձ­նե­ցին Պերճ Սեդ­րա­կեան եւ ՀԲԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րէն Վազ­գէն Եա­գու­պեան, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կը գլխա­ւո­րէ ՀԲԸՄ-ի Հա­յաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղը։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Վազ­գէն Եա­գու­պեան ընդգ­ծեց, որ սոյն բժշկա­կան կեդ­րո­նը բա­ցուած է անհ­րա­ժեշ­տու­թեան բե­րու­մով։ Հա­յաս­տա­նի մէջ հաս­տա­տուած սու­րիա­հա­յե­րը տա­կա­ւին պէտք ու­նին նման կեդ­րո­նի մը, ո­րով­հե­տեւ դժուար օ­րե­րը կը շա­րու­նա­կուին Սու­րիոյ մէջ։ Իր խօս­քե­րով, ՀԲԸՄ ստի­պո­ղու­թիւն կը զգայ դի­մագ­րա­ւե­լու հա­յազ­գի կա­րի­քա­ւոր զա­ւակ­նե­րու հո­գե­րը։

Իր կար­գին, ող­ջոյ­նի խօսք մըն ալ ար­տա­սա­նեց Պերճ Սեդ­րա­կեան, որ նշեց, թէ ՀԲԸՄ կը շա­րու­նա­կէ հա­ւա­տա­րիմ մնալ իր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն եւ օգ­նու­թեան ձեռք կ՚եր­կա­րէ կա­րի­քա­ւոր հա­յոց։

Բաց­ման հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին մատ­նան­շուե­ցաւ, որ Հա­լէ­պի մէջ ան­ցեալ դա­րաս­կիզ­բին բա­ցուած էր նման կեդ­րոն մը, ուր բժշկա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­ներ մա­տու­ցուած էին հա­յե­րուն, իսկ ներ­կա­յիս այդ օ­րի­նա­կին հի­ման վրայ Հա­յաս­տա­նի մէջ հաս­տա­տուած է սոյն կեդ­րո­նը։

Ցարդ այս բժշկա­կան կեդ­րո­նին մէջ անվ­ճար սպա­սար­կու­թիւն ստա­ցած են 4200 սու­րիա­հա­յեր։ ՀԲԸՄ այլ ծրագ­րեր եւս կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ սու­րիա­հա­յե­րուն հա­մար։ Այս ամ­բող­ջին մէջ կա­րե­ւո­րա­գոյ­նը կը հա­մա­րուի սու­րիա­հայ ա­շա­կերտ­նե­րուն կամ հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­րուն հա­մար տրա­մադ­րուած մաս­նա­կի թէ ամ­բող­ջա­կան կրթա­թո­շակ­նե­րու տրա­մադ­րու­մը։ Սա Հա­յաս­տա­նի մէջ կը շա­րու­նա­կուի Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի ծա­գած շրջա­նէն ի վեր։

Միւս կող­մէ, 110-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին ՀԲԸՄ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ նաեւ «Օգ­նենք Ար­ցա­խին» ար­շա­ւին։ Ե­րէկ, Պերճ Սեդ­րա­կեան եւ Վազ­գէն Եա­գու­պեան այ­ցե­լե­ցին Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կեդ­րո­նա­կան զի­նուո­րա­կան հի­ւան­դա­նո­ցը, ուր զրու­ցե­ցին այն զի­նուոր­նե­րուն հետ, ո­րոնք վե­րա­կեն­դա­նաց­ման բա­ժան­մուն­քէն ներս կը դար­մա­նուին։ Ա­նոնք ՀԲԸՄ-ի կող­մէ զա­նա­զան մաս­նա­գի­տա­կան սար­քա­ւո­րում­ներ յանձ­նե­ցին այդ հի­ւան­դա­նո­ցին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016