Երեքշաբթի 24, Դեկտեմբեր 2024
ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԱՅՍՕՐ ՇՓՈՒՄՆԵՐ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ այսօր շփումներ կ՚ունենայ Մոսկուայի մէջ, ուր կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան կ՚ընդունուի Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի կողմէ։ Բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան երկկողմանի համագործակցութիւնը բոլոր ուղղութիւններով զարգացնելու ուղղեալ նիւթեր։ Կողմերը կը շօշափեն նաեւ տարածքաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի շարք մը հրատապ հարցերը՝ մասնաւորապէս կանգ առնելով Մերձաւոր Արեւելքի իրադրութեան վրայ։
Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016