ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒ

Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. Թագաւորը այսօր շփումներ կ՚ունենայ Անգարայի մէջ՝ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Թուրքիոյ եւ Յորդանանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 70-ամեակի յոբելենական շրջանին կը զուգադիպի այս բարձր մակարդակի այցելութիւնը։ Բանակցութիւններու ընթացքին կը քննարկուին երկկողմանի քաղաքական, տնտեսական, զինուորական եւ մշակութային յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը եւ համագործակցութեան հեռանկարները։ Էրտողան եւ Ապտուլլահ Բ. թագաւորը կ՚անդրադառնան նաեւ տարածքաշրջանային իրադարձութիւններուն։ Անոնք մասնաւորապէս կանգ կ՚առնեն Պաղեստինի դատին եւ Երուսաղէմի կարգավիճակին վրայ։ Կողմերը կը շօշափեն նաեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի վիճակը, ինչպէս նաեւ մերձակայքի իրադարձութիւնները։ Որպէս տարածքաշրջանի կայունութեան տեսակէտէ առանձնայատուկ պատասխանատուութիւն ստանձնած երկիրներ՝ Թուրքիա եւ Յորդանան կը կարեւորեն իրենց միջեւ համագործակցութեան եւ զուգորդման ա՛լ աւելի զարգացումը։

Ապտուլլահ Բ. թագաւորի Անգարա այցելութիւնը կը զուգադիպի Պաղեստինի հիմնախնդրին, մասնաւորապէս Երուսաղէմի տեսակէտէ նուրբ ժամանակաշրջանի մը։ Էրտողան Յորդանանի թագաւորը կը հիւրընկալէ՝ Ուաշինկթընի ղեկավարութեան կողմէ վերջին օրերուն կատարուած, Երուսաղէմի վերաբերեալ արմատական յայտարարութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտի մը մէջ։ Արդարեւ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփ վերջին օրերուն մտադրութիւն յայտնեց Երուսաղէմը որպէս մայրաքաղաք ճանչնալու եւ Իսրայէլի մօտ իր երկրի դեսպանութիւնը այնտեղ հաստատելու մասին։ Թրամփի կողմէ արտայայտուած այս մտադրութիւնը միջազգային գետնի վրայ ստեղծեց լայն արձագանգ ու տեղի տուաւ հակազդեցութիւններու։ Տանըլտ Թրամփ այս կապակցութեամբ խորհրդակցեցաւ Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորին եւ Պաղեստինի ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասի հետ։ Սպիտակ տան պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ այդ տեսակցութիւններու լոյսին տակ յետաձգուած է Երուսաղէմի վերաբերեալ Տանըլտ Թրամփի վերջնական յայտարարութիւնը։

Անգարայի ղեկավարութիւնն ալ խիստ ձեւով արձագանգեց ամերիկացի ղեկավարի այդ մտադրութեան։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան յայտնեց, որ Երուսաղէմ կը բնորոշէ մահմետականներու կարմիր գիծը։ Իր խօսքերով՝ Երուսաղէմի վերաբերեալ իրադարձութիւնները կրնան պատճառ դառնալ Իսրայէլի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու խզման։ Էրտողան շեշտեց, որ եթէ Թրամփի վարչակազմը Երուսաղէմը ճանչնայ որպէս մայրաքաղաք, ապա Թուրքիա շարժման պիտի անցընէ իսլամական աշխարհը։ «Ամերիկա բոլոր գործերը աւարտեց ու միայն այս մէկը մնաց», ըսաւ Էրտողան։

Իր կարգին, նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալընն ալ այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Մտահոգիչ են այն լուրերը, ըստ որոնց ԱՄՆ Երուսաղէմը պիտի ճանչնայ՝ որպէս մայրաքաղաք։ Կը յուսանք, թէ ԱՄՆ նման սխալ մը չի գործեր»։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2017