ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան վաղը պիտի այցելէ Աթէնք։ Երկօրեայ այցելութիւնը նախատեսուած է՝ Յունաստանի Նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի հրաւէրով։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ տարածքաշրջանային խնդիրները։

Թուրքիայէն երկար տասնամեակներ վերջ հանրապետութեան նախագահ մը պաշտօնական այցելութիւն կու տայ Յունաստան։ Այսպէս, վերջին անգամ 1952 թուականին Հանրապետութեան այդ շրջանի նախագահ Ճելալ Պայար այցելած էր Յունաստան։ Այսինքն, 65 տարի վերջ տեղի կ՚ունենայ այս մակարդակին վրայ այցելութիւն մը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2017