ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆԻ ԿԱԶԱՄՈՒՂԻ ԾՐԱԳՐԻՆ ՀԱՄԱՐ ՅՈՒՇԱԳԻՐ

Կիպրոսի հարաւի պաշարներէն բնական կազ արտահանելու եւ ծովի յատակէն կառուցուելիք խողովակաշարի մը միջոցաւ Եւրոպա փոխադրելու վերաբերեալ ստորագրուեցաւ փաստաթուղթ մը։ NTV-ի հաղորդումներով, այս փաստաթուղթը ստորագրեցին Յունական Կիպրոս, Յունաստան, Իսրայէլ եւ Իտալիա։ Այս վերջինը յանուն Յունական Կիպրոսին կը կատարէ բնական կազի որոնումներ։ Թուրքիա այս նախաձեռնութիւնը կ՚ընկալէ Յունաստանի եւ Յունական Կիպրոսի կողմէ Արեւելեան Միջերկրականի ուժանիւթի գործարքներու պարագային Թուրքիոյ դէմ տարածքաշրջանային դաշինք մը ստեղծելու ուղղեալ ջանքեր։

Այս ծրագիրը կը կոչուի East-Med եւ կը նախատեսուի, որ ան իր աւարտին հասնի 2025 թուականին։ Ծովու 3.3 քիլօմեթր յատակէն պիտի անցնի խողովակաշարը, որու երկարութիւնը պիտի կազմէ 2000 քիլօմեթր։ Եթէ այս ծրագիրը կեանքի կոչուի ապա սա պիտի ըլլայ ծովու յատակէն անցնող ամենաերկար խողովակաշարը։

Յուշագրի ստորագրման զուգահեռ՝ յայտարարութիւն մը կատարուեցաւ ծրագրին ներգրաւուած բոլոր կողմերուն անունով։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ այս խողովակաշարի ծրագրին կեանքի կոչուիլը պիտի արտայայտէ տարածքաշրջանային համագործակցութեան ու զարգացման ամրապնդման ձգտումը։ Կը նախատեսուի, որ շինարարութեան աշխատանքները աւարտին 2025 թուականին։ Նախագծին համար անհրաժեշտ է 15 միլիառ տոլարի մակարդակով ներդրում մը։

Այս նախագծին վերաբերեալ աշխատանքները կը զուգադիպին այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ միջազգային շուկայի մէջ բնական կազի սակագիները ցած մակարդակի վրայ են։ 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2017