ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿ Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԱՄՍԹԵՐՏԱՄԻ ՄԷՋ

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջերս այցելեց Հոլանտա։ Լախէյի մէջ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ընդունուեցաւ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեանի կողմէ։ Այցելութեան ծրագրի հիմնական բաժինը նորին սրբազնութիւնը կեանքի կոչեց Ամսթերտամի մէջ։ Ան ունեցաւ հանդիպում մը տեղւոյն միութիւններուն եւ եկեղեցական խորհուրդի անդամներուն հետ։

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Հոլանտայի հարաւի Հիրհուխովարտի եկեղեցական համայնքէն ներս նախագահեց Ս. Պատարագին։ Պատարագիչն էր Ամսթերտամի հոգեւոր հովիւ Տ. Տարօն Քհնյ. Թադէոսեան։ Ս. Պատարագի ընթացքին նորին սրբազնութիւնը տուաւ քարոզ մը։ Ան արարողութեան աւարտին ալ անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց հաւատացեալներուն հետ եւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն։

Վերադառնալով Ամսթերտամ՝ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան մէկտեղուեցաւ տեղւոյն Եկեղեցական խորհուրդի եւ Հոլանտայի զանազան քաղաքներէն ներս գործող հայկական եկեղեցական համայնքներու կամ ծուխերու ներկայացուցիչներուն հետ։ Նորին սրբազնութիւնը տեղեկութիւններ քաղեց տարուած աշխատանքին շուրջ։

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան անցեալ կիրակի պատարագեց Ամսթերտամի Ս. Հոգի եկեղեցւոյ մէջ՝ առընթերակայութեամբ Տ. Տարօն Քհնյ. Թադէոսեանի եւ Ալմելոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մաշտոց Քհնյ. Պաղտասարեանի։ Նորին սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։ Արարողութեան աւարտին ան կատարեց նաեւ սրբապատկերի մը օծումը։

Հաւատացեալներու հետ հանդիպելու առընթեր Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան այցելեց «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» կիրակնօրեայ դպրոցը, ուր իր հայրական գուրգուրանքին առարկայ դարձուց սաները եւ կրթական մշակներուն փոխանցեց իր պատգամը։

Նորին սրբազնութեան այցելութեան առթիւ Ս. Հոգի եկեղեցիէն ներս համախմբուած հաւատացեալներուն հետ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը։ Այս փուլին եւս ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի եռօրեայ ուղեւորութիւնը պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2018