ԼԱՒՐՈՎ ՊԱՔՈՒ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կը պատրաստուի այցելել Պաքու։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, դեկտեմբերի 14-ին ան Պաքուի մէջ պիտի մասնակցի Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին տեղեկացուց, որ Լաւրով պիտի մասնակցի ՍԾՏՀԿ-ի նախարարաց խորհուրդի նիստին։ Ներկայիս Ատրպէյճան ՍԾՏՀԿ-ի շրջանային նախագահն է։ Պաքուի ժողովին ընթացքին պիտի ամփոփուին Ատրպէյճանի կէս տարուան նախագահութեան շրջանի արդիւնքները։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2018