ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս Ամանորի ընդառաջ ստեղծուած է հրճուանքի մթնոլորտ։ Շաբաթավերջին Պըրպենքի առաջնորդարանի «Գալայճեան» հանդիսասրահին մէջ նշուեցաւ թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի 61-ամեակը։ Հաւաքոյթը միեւնոյն ժամանակ առիթ մըն էր տօնախմբելու համար իր առաջնորդական պաշտօնի 15-ամեայ յոբելեանը։ Նոյն ձեռնարկի ընթացքին պարգեւատրուեցան 12 ամերիկահայ ազգայիններ, որոնք իրենց բոլորանուէր ծառայութիւնը մատուցած են ու կը շարունակեն մատուցանել թէ՛ Հայ Եկեղեցւոյ եւ թէ Լոս Անճելըսի հայ համայնքին։ Պատուոյ հիւրերու շարքին էր նաեւ Գալիֆորնիոյ ծերակուտական Էտըմ Շիֆ։ Ներկայ էին Արեւմտեան թեմի նախկին առաջնորդ Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, Թամասկոսի թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան եւ թեմի հոգեւորականաց դասը։

Յայտագրի տեւողութեան արտայայտուեցաւ Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան։ Սիրվարդ Քավուքեանի ղեկավարութեամբ խումբ մը փոքրիկներ հանդէս եկան Ս. Ծննդեան երգեցողութիւններով։ «Christmas Ball»ի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Քենտիրճեան եւս հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը։

«Հաւատքը գործով կեանքի կոչել» կարգախօսով կազմակերպուած հաւաքոյթի տեւողութեան թեմակալ առաջնորդը յանձնեց օրուան մեծարեալին պարգեւները։ Իր կարգին, ծերակուտական Էտըմ Շիֆն ալ շնորհաւորեց թէ՛ պարգեւատրեալները եւ թէ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2018