ԱՆՀԱՄԵՄԱՏ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՄ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ տեսանելի ժամանակահատուածի բաղդատմամբ երկիրը ձեռք բերած է աննախադէպ քանակութեամբ սպառազինութիւն։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստանի պաշտպանութեան պիւտճէն 2018-էն ի վեր աւելցած է մօտաւորապէս 28 տոկոսի համեմատութեամբ։ Երկրի նոր տարուան պիւտճէի քննարկումներուն ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս ունեցաւ ելոյթ մը։ Անդրադառնալով պաշտպանութեան բնագաւառին՝ ան ըսաւ հետեւեալը.
«Սա այն նիւթն է, որու մասին հասկնալիօրէն չենք կրնար շատ բան մը խօսիլ, բայց կ՚ուզեմ ըսել, որ 2018 թուականէն ի վեր՝ ներառեալ 2020 թուականի պիւտճէն, մենք 66 միլիառ դրամով աւելցուցած ենք պաշտպանական պիւտճէն, սա մօտաւորապէս 28 տոկոս կը կազմէ։ Բայց կ՚ուզեմ նախադասութիւն մը ըսել դժուարութեամբ՝ կրնաք համոզուիլ, թէ 2018 թուականի մայիսէն ի վեր Հայաստան ձեռք բերած է տեսանելի ժամանակահատուածի բաղդատմամբ աննախադէպ քանակութեամբ զէնք, զինամթերք, սպառազինութիւն։ Հայաստանի կառավարութիւնը յըս-տակ պիտի շարունակէ այդ քաղաքականութիւնը տարածքաշրջանէ ներս ռազմական հաւասարակշռութիւնը վերականգնելու ուղղութեամբ։ Կ՚ուզեմ ըսել, թէ այդ առումով արդէն իսկ լրջագոյն քայլերու ձեռնարկած ենք»։