ԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿ

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ մասնակցեցաւ ժողովրդական մեծ հաւաքի մը։ Այս շաբաթավերջի ընտրութեան սեմին իր գլխաւորած Մանիշակագոյն շարժման կողմէ կազմակերպուած եզրափակիչ ժողովրդական հանդիպումն էր այս մէկը։ Որդւոց Որոտման տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ արտասովոր խանդավառութիւն։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շրջապատուեցաւ Մանիշակագոյն շարժման առաջադրած պատգամաւորի թեկնածուներուն, իր զօրակիցներուն, համախոհներուն, համակիրներուն եւ մեր համայնքի բազմաթիւ անդամներուն կողմէ, որոնք փութացած էին զանազան թաղերէ։

Նորին սրբազնութիւնը Որդւոց Որոտման տաճարը առաջնորդուեցաւ խումբ մը մանուկներու կողմէ։ Երեկոյթի սկիզբին յարգանքի լռութիւն պահուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ նախորդ բոլոր գահակալներուն համար։ Ներկաներու շարքին էր տիրամայր Մարի Մութաֆեան։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ լրագրող-հրապարակագիր Արա Գօչունեանի, որ միեւնոյն ժամանակ ընտրական գործընթացի վերաբերեալ խորհրդածութիւններով կամ դիտարկումներով հանդէս եկաւ։ Մանիշակագոյն շարժման այս եզրափակիչ հաւաքոյթը նախորդներուն բաղդատմամբ աւելի տարբեր ձեւաչափով մը կազմակերպուած էր։ Այսպէս, մեր հայահոծ թաղերէն պատգամաւորի թեկնածու առաջադրուած զանազան հեղինակաւոր անուններ հաւաքի ընթացքին համոզիչ հիմնաւորումներով բացատրեցին, թէ ինչու որոշած էին սատար հանդիսանալ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի թեկնածութեան։ Անոնց միացան նաեւ յայտնի համայնքային բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ ծանօթ ազգային գործիչ Մելքոն Քարաքէօսէ, որոնք պատգամաւորի թեկնածու չըլլալով հանդերձ՝ վճռակամ աջակցութիւն ցոյց կու տան նորին սրբազնութեան։

Այս բոլորէն վերջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը՝ ընկալուելով բուռն ծափողջոյններով։ Նախընտրական մթնոլորտի մէջ հնչած ինչ-ինչ պնդումներու անդրադառնալէ վերջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք համախմբուած են իր շուրջ։ Ան դիտել տուաւ, որ միշտ հաւատարիմ պիտի մնայ իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած ժողովրդական աջակցութեան։

Հուսկ, բոլորը միասնաբար նախ երգեցին «Տէր ողորմեա», աւելի վերջ ալ՝ Տէրունական աղօթքը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի օրհնութիւնով արձակուելէ վերջ ներկաները անցան «Պէզճեան» սրահը, ուր սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։

Գումգաբուի երէկուան հաւաքի բոլոր մասնակիցները ընտրութեան սեմին վերջին անգամ իրենց համակրանքին ու զօրակցութեան առարկայ դարձուցին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը՝ որպէս մեր համայնքի համախմբման, Պատրիարքական Աթոռի անսասանութեան եւ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին առջեւ նոր հորիզոն մը ուրուագծելու համար ձեռնարկուած պայքարի առաջամարտիկը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 6, 2019