ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐԷՆ ԱՓՍՈՍԱՆՔ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Խովաեւ (Ռուսաստան) եւ Պորիս Ռոքֆոյ (Ֆրանսա) հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը։ Անոնք շաբաթավերջին ափսոսանք յայտնեցին, որ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ Սթոքհոլմի մէջ նախատեսուած հանդիպումը տեղի չէ ունեցած։

Հարկ է յիշեցնել, որ Միրզոյեան եւ Պայրամով Շուէտի մայրաքաղաքին մէջ մասնակցութիւն բերին ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։ Կազմակերպութեան 28-րդ նախարարական հաւաքի ծիրէն ներս թէեւ նախատեսուած էր Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը, սակայն այդ մէկը անակնկալօրէն տեղի չունեցաւ։ Երեւանի ղեկավարութիւնը տեղեկացուց, որ հայկական կողմը երբեք չէ խուսափած՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեան ներքեւ կազմակերպուած հանդիպումներէն։ Պաքուի աղբիւրներուն կողմէ կատարուած հաղորդումները, ըստ էութեան, յայտնի դարձուցին նախարարներու տեսակցութեան ջնջուելու պատճառը։ Արդարեւ, Հայաստանի Ազգային ժողովէն խումբ մը պատգամաւորներ Սթոքհոլմի մէջ նախատեսուած ժամադրութենէն անմիջապէս առաջ այցելած էին Արցախ։ Ատրպէյճան այդ երեւոյթը համարած է՝ իր կամքէն անկախ մուտք՝ սեփական տարածքը։ Ուստի, Պաքու աննպատակայարման գտած է այդ պայմաններուն ներքեւ նախարարներուն միջեւ հանդիպման մը տեղի ունենալը՝ պատահածը որակելով սադրանք։

Այս բոլորէն վերջ միջնորդները շաբաթավերջի համատեղ յայտարարութիւնով ափսոսանք յայտնեցին նախարարներու ժամադրութեան ջնջուելուն պատճառով։ Միեւնոյն ժամանակ, եռանախագահները պատրաստակամութիւն յայտնեցին առաջին յարմար առիթով հանդիպում մը կազմակերպելու՝ շարունակելու համար սեպտեմբերին Նիւ Եորքի եւ անցեալ ամիս ալ Փարիզի մէջ սկսած Միրզոյեան-Պայրամով քննարկումները։

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ միջնորդները վերջին օրերուն Սթոքհոլմի մէջ առանձին հանդիպումներ ունեցած են Միրզոյեանի եւ Պայրամովի հետ։ Անոնք տեսակցած են նաեւ յաջորդ տարի ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահութիւնը ստանձնելիք երկրի՝ Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զպիկնիեւ Ռաուի հետ։ Համանախագահները յոյս յայտնած են, թէ արտաքին գործոց նախարարներու նոր հանդիպման հնարաւորութիւնը շուտով կ՚ընձեռուի։

Երեւանի եւ Պաքուի առկայ տարաձայնութիւնները վերջին օրերուն ունեցան սուր դրսեւորումներ՝ սահմանափակ չմնալով միայն Սթոքհոլմի նախարարական ժամադրութեան ջնջուելով։ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմէն Հիքմէթ Հաճիեւ թէեւ վերջին օրերուն կրկնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւններու սկսելու, սակայն, դրական յայտարարութիւնները, ըստ երեւոյթին, գործնական կացութիւնը ամբողջութեամբ ցոլացնելէ հեռու կը մնան։ Արդարեւ, Սոչիի գագաթաժողովէն վերջ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած էր Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներուն կողմէ գլխաւորուած եռակողմանի աշխատանքային խումբին ժողովը։ Անմիջապէս յայտնի դարձած էր, որ այդ հարթութեան վրայ ալ կողմերը փոխադարձ ըմբռնումէ հեռու կը գտնուին։ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան տեղեկացուցած էր, որ Մոսկուայի բանակցութիւններուն շուրջ նախատեսուած յայտարարութեան բովանդակութեան կապակցութեամբ համաձայնութիւն չի գոյանար կողմերուն միջեւ։ Մինչդեռ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Սոչիի վերջին գագաթաժողովէն վերջ յայտարարած էր, որ փոխ-վարչապետներու Մոսկուայի բանակցութիւններէն վերջ պիտի հրապարակուին ղեկավարներու մակարդակով գոյացած կարգ մը համաձայնութիւնները։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի միջնորդութեամբ, Ատրպէյճան շաբաթավերջին եւս 10 ռազմագերի վերադարձուց Հայաստանին։ Օդային ճամբով երկիր վերադարձած այդ 10 հոգին գերեվարուած էր անցեալ նոյեմբերի 16-ին։

Գերիներու վերադարձը տեղի ունեցաւ դաժան իրադարձութեան մը համայնապատկերին վրայ։ Այսպէս, Ատրպէյճանի զինուորականները շաբաթավերջին մուտք գործեցին Արցախի Մարտունիի շրջանի վարչական տարածքի հարեւանութեամբ գտնուող չէզոք գօտին եւ բռնութեան ենթարկեցին անասնապահութեամբ զբաղող 65-ամեայ Սէյրան Սարգսեանը։ Այս վերջինը աւելի վերջ տարուեցաւ Ատրպէյճանի յենակէտը, ուր սպաննուեցաւ։ Ատրպէյճան ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի միջնորդութեամբ վերադարձուց անոր դին։ Արցախի ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց, որ Ատրպէյճան քրէական գործ յարուցած է այս խաղաղ բնակչի սպանութեան դէպքին հետեւանքով։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2021