ՓԱՐԻԶԻ «ՆՈԹՐԸ ՏԱՄ» ՀՈՅԱԿԵՐՏ ՏԱՃԱՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԻ

Վաղը Փարիզի մէջ պիտի վերաբացուի «Նոթրը Տամ» աշխարհահռչակ տաճարը, որ համաքրիստոնէական սրբավայր մը ըլլալու առընթեր, համամարդկային ժառանգութեան գլուխ գործոցներէն է։ 2019 թուականին ծագած հրդեհին հետեւանքով լրջօրէն վնասուած այս տաճարը անցեալ հինգ տարիներուն վերանորոգուեցաւ՝ շուրջ 700 միլիոն եւրօ ներդրումով։ Սա կը նկատուի պատմական իրադարձութիւն մը, որ միջազգային ընտանիքին ուշադրութիւնը հերթական անգամ կը թեքէ Ֆրանսայի վրայ։ «Նոթրը Տամ»ի զանգերը վերջին օրերուն վերջապէս դարձեալ հնչեցին՝ վերջին հինգ տարիներու ահաւոր եւ աննկարագելի աշխատանքին շնորհիւ։

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ առաջին տիկին Պրիժիտ Մաքրոն, ներկայութեամբ Փարիզի Արքեպիսկոպոս Լորան Ուլրիշի, վաղուան պաշտօնական բացման ընդառաջ եղան վերանորոգեալ տաճարի առաջին այցելուներէն։ Մասնագէտներ եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներ բացատրութիւններ տուին նախագահին։ Կը հաղորդուի, որ աշխարհի զանազան երկիրներէ ղեկավարներ եւս հրաւիրուած են «Նոթրը Տամ»ի վաղուան վերաբացման արարողութեան՝ ներառեալ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան։ Վատիկանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը պիտի բացակայի հանդիսութենէն։ Շուրջ երեք հազար հրաւիրեալի մասնակցութիւն կը նախատեսուի արարողութեան, որու ընթացքին նախագահ Մաքրոն պիտի ունենայ ելոյթ մը։

850 տարի առաջ կառուցուած միջնադարեան «Նոթրը Տամ»ը վաղուան բացման պաշտօնական արարողութենէն վերջ, կիրակի, դեկտեմբերի 8-էն սկսեալ բաց պիտի ըլլայ բոլոր հաւատացեալներուն։ Տաճարի վերաբացումը կը զուգադիպի կաթողիկէ աշխարհի Ս. Ծնունդի նախօրէին։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 6, 2024