ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Անց­նող 2016 տա­րին բնո­րո­շուե­ցաւ ա­րագ զար­գա­ցում­նե­րով, ա­նակն­կալ եւ չնա­խա­տե­սուած պա­տա­հար­նե­րով եւ հա­մաշ­խար­հա­յին գետ­նի վրայ ընդ­հան­րա­պէս, նաեւ շրջա­նա­յին ա­ռու­մով մեր ազ­գին եւ հայ­րե­նի­քին հա­մար, ծա­ւա­լող մար­տահ­րա­ւէր­նե­րով:

100-ա­մեա­կի նշու­մով ստեղ­ծուած հա­մազ­գա­յին խան­դա­վա­ռու­թեան եւ զօ­րակ­ցա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ, ՀԲԸՄ-ի 110-րդ տա­րե­դար­ձը եւ 89-րդ Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը, ա­ռիթ հան­դի­սա­ցան մեր կազ­մա­կեր­պու­թեան հա­մար, վե­րա­կողմ­նո­րո­շուե­լու եւ ճշդե­լու իր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը, նոր ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րու եւ փո­խուող պայ­ման­նե­րու ըն­դա­ռաջ, ա­պա­հո­վե­լու հա­մար մեր ազ­գի յա­ռա­ջ­դի­մու­թիւ­նը, հա­ւա­տա­րիմ մեր հիմ­նա­դիր­նե­րու ո­գիին եւ Միու­թեան հիմ­նա­կան նպա­տակ­նե­րուն:

Տա­րուան ըն­թաց­քին, ՀԲԸՄ-ի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը իր ճի­գե­րը կեդ­րո­նա­ցուց կազ­մա­կերպ­չա­կան կա­ռոյց­նե­րու զօ­րա­ցու­մին եւ ըն­դար­ձա­կու­մին վրայ, Հա­յաս­տան, Եւ­րո­պա եւ այ­լուր, ի­րա­գոր­ծե­լու հա­մար իր նպա­տա­կադ­րած ծրա­գիր­նե­րը, նա­խա­պա­տուու­թիւն տա­լով Հա­յաս­տա­նի ըն­կե­րա­յին տնտե­սա­կան զար­գաց­ման, շա­րու­նա­կե­լով եւ ամ­րապն­դե­լով ազ­գա­յին ինք­նու­թեան սա­տա­րող իր ար­դիւ­նա­ւոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը սփիւռ­քի մէջ, նոյն ա­տեն իր մար­դու­ժի եւ նիւ­թա­կան կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու ընդ­լայ­նու­մին նպաս­տող գոր­ծակ­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ մշա­կե­լով այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ, մա­նա­ւանդ աշ­խու­ժաց­նե­լով իր ան­դամ­նե­րու եւ հա­մա­կիր­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին ցան­ցը:

Մինչ Հա­յաս­տան եւ Ար­ցախ կը տօ­նախմ­բէին ի­րենց վե­րա­հաս­տատ ան­կա­խու­թեան 25-րդ տա­րե­դար­ձը, Ար­ցա­խի դէմ շղթա­յա­զեր­ծուած քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մը, Հա­յաս­տա­նի մէջ դրսե­ւո­րուած զի­նեալ ըմ­բոս­տու­թիւ­նը եւ Սու­րիոյ սաստ­կա­ցող դա­ժան պա­տե­րազ­մը որ ար­դէն իր վե­ցե­րորդ տա­րին կը թե­ւա­կո­խէ, մեզ դէմ յան­դի­ման կը դնէին մեր ազ­գին դէմ ցցուող մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու կարծր ի­րա­կա­նու­թեան հետ:

Միա­ժա­մա­նակ, ո­գեշն­չող էին Սրբա­զան Պա­պի Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ մեր աշ­խար­հա­տա­րած ան­դա­մակ­ցու­թեան ցու­ցա­բե­րած օգ­նու­թեան սրտա­բուխ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը Սու­րիոյ տագ­նա­պին մատնուած մեր ազ­գա­կից­նե­րուն, ո­րոնց­մէ տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր­ներ ա­պաս­տան գտած էին գլխա­ւո­րա­բար Հա­յաս­տան, ո­մանք Լի­բա­նան եւ Գա­նա­տա, իսկ ու­րիշ­ներ, Սու­րիա մնա­ցած ըլ­լա­լով, ան­տա­նե­լի պայ­ման­նե­րու տակ կը շա­րու­նա­կէին պահ­պա­նել հա­մայն­քա­յին կեան­քը, ար­տա­կարգ կո­րով եւ դի­մադ­րա­կա­նու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լով:

Այս ե­րե­ւոյթ­նե­րը կը դրսե­ւո­րէին մեր ժո­ղո­վուր­դի վա­յե­լած մի­ջազ­գա­յին ու­ժեղ դիր­քը, ինչ­պէս նաեւ ճա­կա­տագ­րա­կան պա­հե­րու, ազ­գին եւ հայ­րե­նի­քին կա­րի­քե­րուն հաս­նե­լու ՀԲԸՄ-ի պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը: Յու­սով ենք նաեւ, որ Հա­յաս­տա­նի նո­րա­կազմ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, իր կար­գին, պի­տի դրսե­ւո­րէ անհ­րա­ժեշտ քա­ղա­քա­կան կամ­քը, հաս­տատ քայ­լեր առ­նե­լով երկ­րի ըն­կե­րա­յին տնտե­սա­կան զար­գաց­ման եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան կա­ռոյց­նե­րու ամ­րապն­դու­մին ուղ­ղու­թեամբ:

Անց­նող տա­րին ար­դիւ­նա­ւոր ե­ղաւ մեր կազ­մա­կեր­պու­թեան հա­մար: Մինչ աշ­խար­հի տա­րած­քին մեր շրջա­նակ­նե­րը մեծ շու­քով տօ­նախմ­բե­ցին մեր Միու­թեան 110-րդ տա­րե­դար­ձը, մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ կա­րե­ւոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ ի­րա­գործուե­ցան, ո­րոնց շար­քին Եւ­րո­միու­թեան ինչ­պէս նաեւ Սմիթ­սո­նիըն թան­գա­րա­նին հետ կնքուած գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը, Հա­յաս­տա­նի մէջ ի­րա­գոր­ծե­լի ծրա­գիր­նե­րու հա­մար:

Ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մի­ջեւ կա­պե­րու սեր­տա­ցու­մին եւ Հա­յաս­տա­նի ու սփիւռ­քի մի­ջեւ շա­հա­ւէտ փո­խա­դարձ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գա­ցու­մին ուղ­ղուած մեր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը նոյն­պէս յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կուե­ցան, ներգ­րա­ւե­լով մե­ծա­թիւ ե­րի­տա­սարդ մաս­նա­կից­ներ աշ­խար­հի բո­լոր կող­մե­րէն, ո­րոնք կո­րի­զը պի­տի կազ­մեն մեր ղե­կա­վար­նե­րու յա­ջորդ սե­րուն­դին:

Մինչ կը պատ­րաս­տուինք յա­ռա­ջի­կայ ա­միս­նե­րու եւ տա­րի­նե­րու մեր լայ­նա­ծա­ւալ աշ­խա­տանք­նե­րուն, տօ­նա­կան օ­րե­րու այս պա­տեհ ա­ռի­թով, կը փա­փա­քիմ ջեր­մօ­րէն ող­ջու­նել Միու­թեան բա­րե­րար­նե­րը, բա­րե­կամ­նե­րը եւ գոր­ծա­կից կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներն ու կա­ռոյց­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ մեր ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը, շրջա­նակ­նե­րը, մաս­նա­ճիւ­ղե­րը եւ ա­նոնց յանձ­նա­խում­բե­րու գոր­ծօն եւ նուի­րեալ ան­դամ­նե­րը, կրթա­կան ցան­ցէն ներս գոր­ծող մեր ու­սուց­չա­կազ­մե­րը, ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը եւ ծնող­նե­րը, յայտ­նե­լով խոր գնա­հա­տանքս եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն­ներս ի­րենց հե­տե­ւո­ղա­կան հա­ւա­տա­ւոր աշ­խա­տան­քին եւ ար­դիւ­նա­ւոր գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար:

ՀԲԸՄ-ը, նոր տա­րուան սե­մին, ան­խախտ կը կե­նայ մեր ժո­ղո­վուր­դի եւ հայ­րե­նի­քի կող­քին, պատ­րաստ դի­մագ­րա­ւե­լու մեր դի­մաց ցցուող նոր եւ շա­րու­նա­կուող բազ­մա­պի­սի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը: Նաեւ, մեր հա­մադ­րեալ ու­ժե­րը եւ կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը ի գործ դնե­լու, ի խնդիր հայ­րե­նի­քի զօ­րա­ցու­մին եւ բար­գա­ւաճ­ման, որ­պէս­զի մեր ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դե­րը հպար­տու­թեամբ փա­րին ի­րենց ինք­նու­թեան եւ խան­դա­վա­ռու­թեամբ շա­րու­նա­կեն մաս­նա­կից դառ­նալ մեր ազ­գա­նուէր եւ հայ­րե­նա­կերտ աշ­խա­տան­քին:

Այս ո­գիով կ­'ող­ջու­նեմ ձեզ եւ կը փո­խան­ցեմ խա­ղաղ, ու­րա­խու­թեամբ լի ա­ռողջ եւ ար­դիւ­նա­ւոր Նոր Տա­րուան սրտա­գին բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներս բո­լո­րիդ:

29 Դեկ­տեմ­բեր 2016

Շաբաթ, Յունուար 7, 2017