ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՖԻԼՀԱՐՄՈՆԻՔ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԸ ՀԱՆԴԷՍ ԿՈՒ ԳԱՅ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ԲԵՄԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը Չինաստանի մէջ հանդէս կու գայ հիւրախաղերով, որոնք տեղի կ՚ունենան 2019 թուականի դեկտեմբերի 27-էն մինչեւ ընթացիկ տարուան յունուարի 9-ը։ Այսպէս, Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը ժամանած է Չինաստան, ուր հանդէս կու գայ հիւրախաղերով, գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Եդուարդ Թոփչեանի մականին ներքոյ։

«Արմնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գլխաւոր արտադրիչ Արման Պատարեան Չինաստանի մէջ մասնակցած է հիւրախաղերուն նուիրուած մամլոյ ասուլիսին, որուն նախաձեռնած է Չինաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը:

Պատարեան կարեւորած է նմանատիպ շրջագայութեան կազմակերպումը: «Շրջագայութիւնը տեղի կ՚ունենայ Շանկայ, Շենժեն, Ուսի, Չանշուի, Չանչժոու, Լիշուի, Սիամին, Ուհան, Պեկին քաղաքներուն մէջ եւ կը ներառէ տասն համերգ: Հայ, ռուս եւ արեւմտաեւրոպացի յօրինողներու դպրոցներու գոհարները, Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի կատարմամբ, կը հնչեն այդ համերգներու ընթացքին», ըսած է Արման Պատարեան:

Չինաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Մանասարեան նոյնպէս կարեւորած է նման շրջագայութեան կազմակերպումը, որ առաւել կ՚ամրապնդէ երկու բարեկամ ժողովուրդներու միջեւ առկայ մշակութային սերտ համագործակցութիւնը:

Բաց աստի, հիւրախաղերը կազմակերպուած են Չինաստանի Armstrong International Music եւ Անգլիոյ Wright Music Management գործակալութիւններու միջնորդութեամբ, Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ), «Իմ քայլը» հիմնադրամի եւ այլ բարերարներու աջակցութեամբ: Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Եդուարդ Թոփչեանի եւ նուագախումբի անունով ասուլիսին հնչած է շնորհակալական խօսք՝ ուղղուած Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան ու շրջագայութեան բոլոր աջակիցներուն։

Armstrong International Music-ի ղեկավար Վրէյ Արմսթրոնկ առաձնայատուկ շեշտած է, որ Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիքը եւրոպական լաւագոյն գործընկերներէն մին է, որ Չինաստանի մէջ հանդէս կու գայ առաջին անգամ: Նուագախումբը վստահ է, որ երկուստեք անդրանիկ համագործակցութիւնը յետագայ երկարատեւ ընկերութեան սկիզբը պիտի ըլլայ:

Չինացի քլարնեթահար Թոնի Շեն շրջագայութեան ընթացքին կը միանայ նուագախումբին՝ Մոցարթի Քլար-նեթի քոնչերթոյի կատարումով: Ան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին հատուած մը ներկայացուցած է քոչերթոյէն՝ իր կատարողական տաղանդով հիացնելով ներկաները:

Միւս կողմէ, մամուլի ասուլիսին մասնակցած են Չինաստանի յառաջատար լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները, որոնք հնարաւորութիւն ունեցած են իրենց հարցումները ուղղել ասուլիսի մասնակիցներուն:

Երեքշաբթի, Յունուար 7, 2020