ԱՄՆ-Ի ՄԷՋ ԽՌՈՎՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ երէկ տեղի ունեցան խռովութիւններ։ Այժու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, որ ընտրութիւնները կորսնցուցած ըլլալով իր պաշտօնը պէտք է փոխանցէ ընտրեալ նախագահ Ճօ Պայտընին, կը շարունակէ չընդունիլ իր պարտութիւնը եւ յամառութիւն կը դրսեւորէ՝ միեւնոյն ժամանակ անվստահութիւն հրահրելով ընտրական համակարգին դէմ։ Երէկ, Թրամփ Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպեց հանրահաւաք մը, որուն մասնակցեցան իր համակիրները։ «Մենք երբեք չենք յանձնուիր», յայտարարեց Թրամփ, որու հրահրած մթնոլորտէն ներս Ուաշինկթընի մէջ ծագեցան խռովութիւններ։ Ցուցարարներ ներխուժեցին ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի շէնքը՝ Քափիթոլիում, երբ վերջին նախագահական ընտրութեան արդիւնքներու վերահաստատման համար նիստ նախատեսուած էր։ Դէպքերու ընթացքին հինգ հոգի զոհուեցաւ։ Ուաշինկթընի մէջ 15 օր արտակարգ դրութիւն հաստատուեցաւ։ Նոյնիսկ Հանրապետական կուսակցութիւնը, որ առաջադրած էր Թրամփի թեկնածութիւնը, այս բռնութիւնը որակեց՝ գործող նախագահին կողմէ մշտապէս տարաձայնութիւններ բորբոքելու հակումի անխուսափելի հետեւանքը։

Կը հաղորդուի, որ ծանրակշիռ դէպքերէն վերջ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսը վերսկսած է իր գործունէութիւնը։

Հինգշաբթի, Յունուար 7, 2021