ՆԱԽԱՐԱՐ ՍՈՅԼՈՒ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՄԸ ՈՒՂԱՐԿԵՑ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու շնորհաւորական մը ուղարկեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին։ Այս առթիւ նախարար Սոյլու Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր անձին մէջ շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ յղեց՝ մեր համայնքին։

Նոյն առթիւ Գումգաբու հասան նաեւ Նորին Ամենապատուութեան ուղղեալ շնորհաւորականներ՝ զանազան պետական կառոյցներու եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու կողմէ։

Ուրբաթ, Յունուար 7, 2022