ԴԱՏԱՎՃԻՌ

Պաշտօնաթերթին մէջ երէկ լոյս տեսաւ Սահմանադրական ատեանին կողմէ արձակուած վճիռ մը, որ կը վերաբերի թրքահայ համայնքին մասին սեփականութեան իրաւունքի հարցերուն։ Բարձրագոյն դատարանի ընդհանուր խորհուրդը քննարկած է Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի երկու կալուածներուն վերաբերեալ արձակուած վճիռներ եւ յանգած է այն եզրակացութեան, որ սեփականութեան իրաւունքի խախտումներ պատահած են։ Խնդրոյ առարկայ կալուածներու սեփականութեան իրաւունքի տուեալ հաստատութիւններուն վերադարձուած չըլլալը Սահմանադրական ատեանին կողմէ ոտնձգութիւն համարուած է սեփականութեան իրաւունքին դէմ, ինչ որ երաշխաւորուած է Սահմանադրութեան 35-րդ յօդուածի տրամադրութիւններով։

Վաքըֆլըգիւղի եկեղեցւոյ վերաբերեալ դատավարութիւնը՝ Բարձրագոյն դատարանի որոշումով պէտք է վերսկսի Հաթայի Ա. Վարչական ատեանին մօտ։

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի վերաբերեալ դատավարութիւնն ալ պէտք է վերսկսի Իսթանպուլի 15-րդ Հիմնական ատեանին մօտ։

Այս կապակցութեամբ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու մեզի յայտնեց, որ հարցը կը վերաբերի՝ 10 քառակուսի մեթր մակերեսով փոքր խանութի մը, որ կը գտնուի Չաքմաքճըլարի մէջ։

Սահմանադրական ատեանի դատավճիռները արձագանգ գտած են նաեւ տեղական մամուլին մօտ։

Շաբաթ, Յունուար 7, 2023