ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐԳԵԼՔԸ ՎԵՐՑՈՒՑ ԴԷՊԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՕԴԱՅԻՆ ՈՒՂԻՂ ԲԵՌՆԱՓՈԽԱԴՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս երէկ հասած լուրերը եկան սահմանել նոր փուլ մը։ Այսպէս, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ կը սկսին օդային ուղիղ բեռնափոխադրումները։ Երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչները՝ Սերտար Քըլըչ եւ Ռուբէն Ռուբինեան այս մասին որոշած էին 1 յուլիս 2022 թուականին եւ այժմ այդ որոշումը կը թեւակոխէ գործնական փուլ։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան երէկ տեղեկացուց, որ Թուրքիա վերցուցած է Հայաստանի հետ ուղիղ բեռնափոխադրումներու արգելքը։ Այս մասին Անգարայի կողմէ երէկ պաշտօնապէս տեղեկութիւն տրուած է Երեւանին։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Առեւտուրի նախարարութիւնը Թուրքիոյ արտածողներու միաւորումներուն տեղեկացուցած է, որ 1 յունուար 2023 թուականի դրութեամբ կարելի է Հայաստանի հետ ուղղակի օդային բեռնափոխադրութեան առեւտուր իրականացնել։

Ըստ յատուկ ներկայացուցիչներու նոյն պայմանաւորուածութեան, ցամաքային սահմանն ալ պէտք է բացուի երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար։ Բանբեր Վահան Յունանեան յայտնեց, թէ հայկական կողմը կ՚ակնկալէ, որ միւս պայմանաւորուածութիւնը եւս շուտափոյթ ձեւով կեանքի կոչուի։

Բաց աստի, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վահան Յունանեան յայտարարեց, որ Հայաստան պիտի շարունակէ բանակցութիւնները Թուրքիոյ հետ՝ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման նպատակով։ «Մենք, բնականաբար, դրական կը գնահատենք ուղիղ օդային բեռնափոխադրումներու արգելքը վերցնելու Թուրքիոյ քայլը։ Հայաստան, ինչպէս անցեալի մէջ, շինիչ ձեւով կը շարունակէ բանակցութիւնները՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները ամբողջութեամբ կարգաւորելու համար, ինչ որ կը նշանակէ երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումն ու սահմանի բացումը», ըսաւ Վահան Յունանեան։

Շաբաթ, Յունուար 7, 2023