ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ 2025 ԹՈՒԱԿԱՆԸ ԿԸ ԴԻՄԱՒՈՐԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌԻ ՀՈՎԱՆԻԻՆ ՆԵՐՔԵՒ
Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը վերջին օրերուն յատկանշական իրադարձութիւններ ապրեցաւ։ Կաթողիկէ հայերը 2025 թուականը դիմաւորեցին՝ նոր պատրիարքական կառավարիչով մը. յանձինն՝ Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան Գերապայծառին։ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-պատրիարքը այս առթիւ հովուական այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլ, ուր մասնակցեցաւ շարք մը արարողութիւններու։ Ան Գազանճեան Գերապայծառին հանդիսաւորապէս յանձնեց առաջնորդական-եպիսկոպոսական նշանները, սակայն, եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ աւելի ուշ։
Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ տուչութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Ներկայ էին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւ քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր կեդրոններէն ներկայացուցիչներ։ Բոլորը ջերմօրէն շրջապատեցին Գազանճեան Գերապայծառը՝ մաղթելով իրեն Տիրոջ զօրակցութիւնը։ Տուչութեան արարողութենէն վերջ Գազանճեան Գերապայծառը Սաքըզաղաճի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատոյց իր անդրանիկ Ս. Պատարագը՝ հանդիսապետութեամբ հիւր կաթողիկոս-պատրիարքին։
Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ջանքերով, շաբաթավերջին Կայրէթթեփէի «Փոինթ» պանդոկին մէջ ընթրիք մըն ալ սարքուեցաւ՝ ի պատիւ Գազանճեան Գերապայծառին։ Երեկոյթին հրաւիրուած էր նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։
Մինչ այդ, Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս-պատրիարքը այցելութիւն մըն ալ տուաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարան։ Գումգաբուի մէջ այս առթիւ տեղի ունեցաւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն։ Նորին Ամենապատուութիւնը եղբայրաբար ողջունեց հիւր հոգեւոր առաջնորդին այցելութիւնը։
Միւս կողմէ, հիւր կաթողիկոս-պատրիարքը քաղաքավարական այցելութիւն մըն ալ տուաւ Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլին։