«ԳԱՂԱՓԱՐԸ ՅՂԱՑԱՒ ԹՈՒՆՃԷԼ»
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձին շրջագծով ցուցմունքներ տալ շարունակեց այդ շրջանի ոստիկանական բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն Ալի Ֆուատ Եըլմազէր։ Ըստ տեղական մամուլի հաղորդումներուն, Եըլմազէր յայտնեց, որ մահափորձի գաղափարը յղացած էր Էրհան Թունճէլ։ Ալի Ֆուատ Եըլմազէր, որ այդ շրջանին կը գլխաւորէր ոստիկանութեան լրաքաղութեան բաժանմունքը, յայտնեց՝ որ մահափորձի գաղափարը Էրհան Թունճէլի կողմէ թելադրուած էր Եասին Հայալին։
Ըստ ցուցմունքներուն, այդ շրջանին Թրապզոնի անվտանգութեան համակարգէն ներս լրաքաղութեան բաժնի տնօրէնն էր Էնկին Տինչ։ Այս վերջինը, ըստ Եըլմազէրի պնդումներուն, փորձած էր արգիլել Էրհան Թունճէլի թիրախ դառնալը եւ այս պատճառով ան եղած էր լրաքաղութեան օգնական աշխատակից։