ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԻԾ

Թուր­քիա-Իս­րա­յէլ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման գոր­ծըն­թա­ցէն ներս թափ կը ստա­նայ նաեւ ու­ժա­նիւ­թի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Եր­կու եր­կիր­նե­րը ներ­կա­յիս հե­տա­մուտ են նոր նա­խագ­ծի մը։ Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ պա­տուի­րա­կու­թիւն մը մեկ­նած է Իս­րա­յէլ, քննար­կում­ներ ծա­ւա­լե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

Այս պա­տուի­րա­կու­թեան շփում­նե­րը կ՚ըն­թա­նան օ­րա­կար­գա­յին եր­կու հիմ­նա­կան հար­ցե­րու շուրջ։ Ա­ռա­ջինն է Իս­րա­յէ­լի բնա­կան կա­զը մի­ջազ­գա­յին շու­կայ փո­խադ­րե­լու հա­մար նա­խա­տե­սուած խո­ղո­վա­կա­շա­րին կա­ռու­ցու­մը։ Այդ խո­ղո­վա­կա­շա­րը Թուր­քիա պի­տի հաս­նի խիստ հա­ւա­նա­բար Կիպ­րո­սի վրա­յով։ Պատ­կան ի­րա­ւա­սու­ներն ու մաս­նա­գէտ­նե­րը ներ­կա­յիս քննար­կում­ներ կը ծա­ւա­լեն՝ որ­պէս­զի նուա­զա­գոյն ներդ­րու­մով հնա­րա­ւոր ըլ­լայ կեան­քի կո­չել այս ծրա­գի­րը։ Տա­կա­ւին յայտ­նի չեն այն ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք պի­տի ներգ­րա­ւուին այս աշ­խա­տան­քին մէջ։ Թէեւ տա­կա­ւին ստո­րագ­րու­թեան փու­լը չէ հա­սած, սա­կայն բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը կ՚ըն­թա­նան դրա­կան հու­նի մը մէջ։

Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րա­րու­թեան պա­տուի­րա­կու­թեան օ­րա­կար­գի միւս հիմ­նա­կան նիւթն է Կազ­զէի ե­լեկտ­րա­կան ու­ժա­նիւ­թի դի­մագ­րա­ւու­մը։ Թել Ա­ւի­ւի շփում­նե­րու ա­ւար­տին պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը պի­տի այ­ցե­լէ նաեւ Կազ­զէ։ Ե­լեկտ­րա­կա­յան­նե­րու կա­ցու­թեան քննար­կու­մէն ու վե­րա­նո­րո­գու­մէն սկսեալ, մին­չեւ վե­րա­կանգ­նուող ու­ժա­նիւ­թի վե­րար­տադ­րու­թիւ­նը՝ բազ­մա­թիւ ուղ­ղու­թիւն­նե­րով աշ­խա­տանք մը նա­խա­տե­սուած է այն­տեղ։

Հարկ է նշել, որ մի­ջոց մը ա­ռաջ ալ թրքա­կան ու­րիշ պա­տուի­րա­կու­թիւն մը մեկ­նած էր Կազ­զէ՝ զբա­ղե­լու հա­մար ջու­րի կա­րի­քի դի­մագ­րաւ­ման վե­րա­բե­րեալ խնդիր­նե­րով։ Այդ աշ­խա­տանք­ներն ալ կ՚ընդգր­կեն թէ՛ զտման կա­յան­նե­րը եւ թէ ստոր­գետ­նեայ ջու­րի ար­ժե­ւոր­ման հե­ռան­կար­նե­րը։

Միւս կող­մէ, Մշա­կոյ­թի եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րար Նա­պի Ավ­ճըն ալ վեր­ջին օ­րե­րուն այ­ցե­լեց Իս­րա­յէլ։ Սա շուրջ ութ տա­րի վերջ եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ նա­խա­րա­րի մա­կար­դա­կով ա­ռա­ջին այ­ցե­լու­թիւ­նը կը հան­դի­սա­նայ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 7, 2017