ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ՀԻՒՐԵՐՈՒ

Թուրք զինեալ ուժերը Սուրիոյ հիւսիսին կը շարունակեն «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները։ Ցայսօր ոչնչացուած ահաբեկիչներու թիւը արդէն հասած է հազարի սահմանը։ Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիոյ առջեւ ստեղծուեցան պարտադրանքներ, որոնց հետեւանքով ձեռնարկուած գործողութիւններու արդիւնքով չէզոքացուած ահաբեկիչներու թիւը կը մօտենայ հազարի։

Մինչ այդ, երէկ երեկոյեան Պեշթեփէի համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ անվտանգութեան գագաթաժողով մը։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ քննարկուեցան Սուրիոյ իրադարձութիւնները եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը։

Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի ղեկավարութեան կողմէ յառաջիկայ օրերուն երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ պիտի այցելեն Անգարա։ Այսպէս, Նախագահ Տանըլտ Թրամփի Ազգային անվտանգութեան խորհրդականը՝ Մաք Մասթըր այս շաբաթավերջին, իսկ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն յաջորդ շաբաթ շփումներ պիտի ունենան Թուրքիոյ մէջ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու այցելութեան ընդառաջ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Նախարարին խօսքերով՝ Թուրքիոյ ակնկալութիւնները յստակ են։ ԱՄՆ պէտք է դադրեցնէ իր աջակցութիւնն ու զէնքի մատակարարումները՝ ի նպաստ ՓՔՔ-ԵՓԿ ահաբեկչական կազմակերպութեան։ Ըստ Չավուշօղլուի, խնդրի դրդապատճառներէն մին է ԱՄՆ-ի հաստատած համագործակցութիւնը ԵՓԿ-ՓՔՔ-ի հետ։ Նախարարը աւելցուց, որ Թուրքիա երբեք ինքզինքին թիրախ չէ նկատած քիւրտերը ու միշտ եղած է անոնց կողքին։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 7, 2018