«ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻ ՄԷՋ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂ ՊԷՏՔ Է ՈՒՆԵՆԱՅ ԻՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղ պէտք է ունենայ իր ներկայացուցիչները՝ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացին մէջ։ Deutshe Welle-ին տուած հարցազրոյցին մէջ Փաշինեան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Պատասխանելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր ունեցած վերջին հանդիպումներուն վերաբերեալ հարցումի մը ան ըսաւ. «Սա միայն սկզբնական գործընթաց մըն է, խօսակցութիւններ են։ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրին շուրջ մեր պաշտօնական բանակցութիւնները տակաւին չեն սկսած։ Մենք պարզապէս կը հանդիպինք, կը զրուցենք, կարծիքներ կը փոխանակենք գործընթացներու, բանակցային գործընթացի պատմութեան մասին։ Մենք չենք ակնկալած, որ մեր այդ շփումներու արդիւնքով պիտի ըլլան որոշ տեղաշարժեր»։

Հարցազրոյցին մէջ վարչապետը բացատրեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները այժմ կ՚աշխատին երկու երկիրներու ղեկավարներու հաւանական հանդիպումը նախապատրաստելու համար։ «Անոնք կ՚աշխատին այդ հաւանական հանդիպումը կողմերու տեսակէտէ աւելի հասկնալի դարձնելու համար. ի՛նչ եւ ինչպէ՛ս պիտի քննարկենք։ Անհնար է հակամարտութիւնը կարգաւորել՝ չլուծելով որոշ յստակ հարցեր։ Օրինակ, մէկ անգամ չէ՝ ես յայտարարած եմ, որ կրնամ բանակցութիւններ վարել Հայաստանի Հանրապետութեան անունով, սակայն հակամարտութիւնը կ՚առընչուի Լեռնային Ղարաբաղին։ Այդ պարագային ո՞վ պիտի ներկայացնէ Լեռնային Ղարաբաղը, որ հակամարտութեան հիմնական կողմերէն մին է», շարունակեց Փաշինեան եւ յիշեցուց, որ Արցախի մէջ կան իշխանութիւններ, այնտեղ տեղի կ՚ունենան ընտրութիւններ, ընդ որում, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակող մարդիկ չեն մասնակցիր Հայաստանի ընտրութիւններուն։ «Անոնք ինծի զիրենք որեւէ տեղ ներկայացնելու լիազօրութիւն չեն տուած։ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները ունին իրենց ներկայացուցիչները, որոնք պէտք է բանակցային գործընթացէն ներս ներկայացնեն զիրենք», աւելցուց Փաշինեան։

Նոյն հարցազրոյցին մէջ Փաշինեան բացարձակապէս անընդունելի համարեց զուգահեռականները Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի եւ կամ. օրինակ՝ Տոնպասի կամ Աբխազիոյ խնդիրներուն միջեւ։ Արդարեւ Փաշինեան համոզուած է, որ բոլոր խնդիրները բացարձակ տարբեր ծագում ունին, տարբեր իրավիճակներ կը ցոլացնեն, ուստի Երեւանի համար բացարձակ անընդունելի է անոնց միջեւ զուգահեռականներ տեսնելը։

Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն Պաքուի կողմէ քննադատութիւններ հասցէագրուեցան Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ ղարաբաղեան հարցի շուրջ կատարուած յայտարարութիւններուն առընչութեամբ։ Պաքուի ընդհանուր մօտեցումը այն էր, որ Փաշինեանի մօտեցումները անհասկնալի են։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը անմիջապէս արձագանգեց այս բոլորին։ Նախարարութեան բանբերը՝ Աննա Նաղդալեան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի յայտարարութիւնները չեն նպաստեր խաղաղութեան համար նպաստաւոր միջավայրի մը ստեղծման։ Ան միեւնոյն ժամանակ վերահաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ հայկական կողմի դիրքորոշումը։

Միւս կողմէ, հարկ է նշել, որ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յառաջիկայ օրերուն կրնան ունենալ նոր հանդիպում մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարներու միջեւ նոր հանդիպման մը շուրջ տակաւին համաձայնութիւն գոյութիւն չունի։ Միջազգային որոշ աղբիւրներ հաւանական կը համարեն, թէ Մնացականեան եւ Մամետեարով հանդիպին Գերմանիոյ մէջ, Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի ծիրէն ներս, որ նախատեսուած է 16-18 փետրուարին։

Հինգշաբթի, Փետրուար 7, 2019