ԿԱՐԾԻՔՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱՓ

Իսթանպուլի Թեքնիկ համալսարանի Երաժշտական յառաջացած ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի (MİAM) նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ հոգելոյս յօրինող ու երգահան Օննօ Թունչի յիշատակին ձօնուած երաժշտական օրերը երէկ եզրափակուեցան։ Քառօրեայ այս ծրագիրը իսկապէս պսակուեցաւ լուրջ յաջողութեամբ։ Ան արդարացաւ բոլոր առումներով։ Այսպէս, մէկ կողմէ Օննօ Թունչ ոգեկոչուեցաւ երաժշտական բնագաւառէ հեղինակաւոր դէմքերու մասնակցութեամբ, իսկ միւս կողմէ՝ այս ծրագրով նախատեսուած աշխատանոցի ձեւաչափով հաւաքոյթները կարծիքներու տարափի մը առիթ ընձեռեցին։ Կատարուած բոլոր քննարկումները շահեկան էին իրենց տեսակին մէջ եւ մասնակիցները իսկապէս յագեցուցին իրենց որոնումները։

Երէկուան վերջին աշխատանոցն ալ սկսաւ Օննօ Թունչի դուստրերէն Սելին Թունչի ողջոյնի խօսքով։ Հաւաքոյթը վարեց Նաիմ Տիլմենէր։ Ատենախօսներն էին Արթօ Թունչպոյաճեան, Սերթափ Էրէնէր, Կէօքսել, Էմին Ֆընտըքօղլու եւ Տաղհան Պայտուր։ Թրքական երաժշտական աշխարհի այս յայտնի ներկայացուցիչները վկայութիւններ փոխանցեցին հոգելոյս Օննօ Թունչի մասին՝ շեշտելով, որ ան կը համարուէր իրենց երէցը։ Անոնք մասնաւորապէս բնութագրեցին այն մթնոլորտը, որ կը տիրէր՝ իրենց երաժշտական աշխարհ մուտք գործած շրջանին։ Արթօ Թունչպոյաճեանն ալ նոյնպէս վկայութիւններ փոխանցեց իր հոգելոյս եղբօր մասին։ Ան յայտնեց, որ երբեք Օննօ Թունչին չէր դիմած՝ եղբայր ըսելով, սակայն ան ինքնավստահութեան մեծ աղբիւր մը հանդիսացած էր իրեն համար։ Օննօ Թունչի մասին շատ դիպուկ բանաձեւումով մը արտայայտուեցաւ Սերթափ Էրէնէր, որ ըսաւ. «Շատ ուրախ եմ, որ զինքը ճանչցայ երիտասարդ տարիքով։ Մարդկայնօրէն շատ յիշատակներ ունիմ իրեն հետ։ Ան կրնար ըլլալ եղբայր մը, ընկեր մը, մանուկ մը, սակայն միեւնոյն ժամանակ կրնար ըլլալ նաեւ Պեթհովէն մը։ Թրքական երաժշտութեան ամենամեծ կորուստն է»։

Երէկուան աշխատանոցի մասնակիցներու շարքին կը գտնուէին նաեւ մեր համայնքէն դէմքեր։ Այդ կարգին էր մեներգչուհի Լիտա Քէօսէօղլու, որ իր նոր թողարկած ձայնասկաւառակը նուիրեց Արթօ Թունչպոյաճեանին։

Ուրբաթ, Փետրուար 7, 2020