BREXIT, ԱԶԱՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄ
Միջազգային օրակարգի վրայ BREXIT-ը կը զբաղեցնէ առաջնահերթ տեղ։ Հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցները այս նիւթին նկատմամբ ցայսօր բաւական սահմանափակ վերլուծումներով հանդէս եկած են՝ հակառակ, որ Եւրոպայի ընդհանուր ընթացքը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ հայութեան տեսակէտէ։ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի երէկուան խմբագրականի նիւթն էր BREXIT-ը։ Ստորեւ կ՚արտատպենք Ժիրայր Չոլաքեանի կողմէ ստորագրուած այս յօդուածը։
Յունուար 31-ին Միացեալ թագաւորութիւնը անջատուեցաւ Եւրոպական Միութենէն։ ԵՄ-ի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով անդամ երկիր մը կը բաժնուի, երբ բազմաթիւ պետութիւններ անհամբեր կը սպասեն անոր դրան՝ անդամագրուելու։ Պէտք է անհամաձայնութեան լուրջ ու հիմնաւոր պատճառ ունենալ նման քայլի դիմելու համար, միաժամանակ պէտք է տնտեսական կարողութիւն ունենալ դիմակայելու համար բաժանումին հետեւանքները։ Համաշխարհայնացումը միայն տնտեսական չէ, բնապահական աղէտները, ինչպէս՝ տարեսկիզբի Աւստրալիոյ անտառներու հրդեհները, որոնց յաջորդեց Չինաստանի ժահրի համաճարակը, շեշտը կը դնեն համաշխարհայնացման ընդհանրացման վրայ։ Կայ նաեւ միջազգային տնտեսական հսկաներուն՝ ԱՄՆ-ին, Չինաստանին, Ռուսաստանին…, դիմակայելու հարցը, որոնց դիմաց լուրջ մրցակից մըն էր ԵՄ-ի։ Ուրեմն, ինչո՞ւ Միացեալ թագաւորութեան բաժանումը, հոսանքին դէմ թիավարումը։
Պորիս Ճանսըն յաջողեցաւ ձեռք ձգել բաժանումի մայր համաձայնագրի ստորագրումը, հիմնուելով Անգլիոյ թագաւորութեան պատմութեան մէջ քաղաքական երկու զօրաւոր ազդակներու վրայ՝ ինքնիշխանութիւն եւ ազատ շուկայի առաջնորդութիւն։ Ապագան ցոյց պիտի տայ, թէ որքա՞ն ողջամիտ էր որոշումը։ ԵՄ-ի հետ շուրջ 660 դաշինքներ ու համաձայնագրեր կան, որոնք պէտք է մէկ առ մէկ վերատեսութեան ենթարկուին։
Գնահատելի է բաժանումի պայմանները, որոնք կը կատարուին խաղաղ, նախապէս օրէնքով ճշդուած եղանակով, առանց «արիւնահեղութեան»։ Երեւոյթ մը, որ այնքան ալ հեշտութեամբ չէ որ կ՚իրականանայ ուրիշ երկինքներու տակ, ինչպէս պարագան եղաւ Արցախին, եթէ խօսելու ըլլանք գոնէ հայութեան վերաբերողին մասին։
Ինքնիշխանութեան ազդակը այլապէս աւելի բարդ է եւ նոյնիսկ՝ խնդրայարոյց, նկատի ունենալով Միացեալ թագաւորութեան անդամ չորս ազգութիւնները, որոնք նոյն ոգեւորութեամբ չէ, որ կ՚ընդունին բաժանումը, եւ անհաւանական չէ որ ԵՄ-էն մեկնումը նոյնիսկ առաջնորդէ թագաւորութենէն անջատուելու դիմումներու։
Պատմականօրէն Անգլիան եղած է ազատ շուկայականութեան անվերապահ պաշտպան ու գաղափարախօս։ Այս դիտանկիւնէն՝ ան եղած է ԵՄ-ի ընդլայնումի կողմնակիցներէն եւ առ այդ ալ՝ Թուրքիոյ ԵՄ-ի անդամակցութեան հաստատուն պաշտպանը։ Իսկ անգլեւհայկական յարաբերութիւնները չեն ունեցած ֆրանքեւհայկական յարաբերութիւններու տարողութիւնը, սակայն ներկայ հանգրուանին՝ Հայաստանի կառավարութեան վարած ծայր աստիճան ազատ շուկայական քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի նախագահին Անգլիոյ արքունիքին հետ ջերմ յարաբերութիւնները եւ Անգլիոյ ԵՄ-էն անջատումը կրնան առիթ հանդիսանալ երկու երկիրներու միջեւ նոր կապերու հաստատման։