ԱՌԱՋԻՆ ԱԼԻՔԸ ԶՕՐԱՎԻԳ
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի անդունդի եզրին հասած ըլլալու վերաբերեալ ահազանգը վերջերս արձագանգ գտաւ նաեւ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան մօտ։ Առաջին ալիքը մասնաւոր տեղ յատկացուց թերթիս մատնուած տագնապին՝ Իրինա Մկրտչեանի կողմէ պատրաստուած նիւթով մը։ «Հ1»ի հաղորդման մէջ տեղ գտած են վառ դրուագներ, որոնք արտաբերուած են թերթիս դարադարձի շրջանին պատրաստուած «ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ժամանակը» փաստավաւերագրական ժապաւէնի համար կատարուած նկարահանումներէն։ Զօրակցական այս հաղորդման համար խորապէս շնորհակալութիւն կը յայտնենք հեղինակին՝ Իրինա Մկրտչեանին, «Հ1»ի ամբողջ ընտանիքին ու մանաւանդ՝ Հայաստանի Հանրային հեռուստառատիօ ընկերութեան նախագահ Արա Շիրինեանին, որ եղած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի վաղեմի բարեկամներէն եւ ռեժիսէօրը՝ վերոյիշեալ փաստավաւերագրական ֆիլմին։
*
Առաջին ալիքին կողմէ կատարուած հեռավար հարցազրոյցին ժամանակ թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան յիշեցուցած է, որ ԺԱՄԱՆԱԿ անխափան կը հրատարակուի 114 տարիէ ի վեր։ «Հ1»ի հաղորդումը շարունակութիւն գտած է ըստ հետեւեալի.
«Բայց այսօր հրատարակումը գուցէ ընդհատուի անընդհատ հրատարակուող հայկական ամենահին օրաթերթի՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի, որ լոյս կը տեսնէ Իսթանպուլի մէջ, այսօր ըլլալ-չըլլալու վտանգին առջեւ կը գտնուի: Օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան մասնաւորաբար դիտել կու տայ, որ Իսթանպուլի մէջ արեւմտահայ ժառանգութեան գործնականօրէն իրաւայաջորդը հանդիսացող այս օրաթերթին գոյութեան վտանգուած ըլլալը լոկ տեղական նշանականութիւն չունի եւ սա լուրջ խնդիր է նաեւ համայն հայութեան տեսակէտէ: Աւելի քան մէկ դարու պատմութիւն ունեցող օրաթերթը կը լուսաբանէ թրքահայութեան կեանքի կարեւոր դրուագները, Հայաստանի եւ սփիւռքի առանցքային զարգացումները: Ժամանակին հրատարակուած է մինչեւ 15 հազար տպաքանակով, այսօր՝ 1000: Իսթանպուլի 10 հոգինոց անձնակազմէն բացի՝ թղթակիցներ ունի հայկական տարբեր համայնքներէ: Առցանց հարթակի վրայ եւս կը գործէ»:
«Ամէն օր հեղինակային նիւթերով կը թարմացուի թերթը եւ բոլոր ընկերային ցանցերուն վրայ ալ ունի ներկայութիւն եւ հասանելիութիւն, արեւմտահայերէնով կարեւոր պատուհան է», նշած է Արա Գօչունեան, որու խօսքին ի շարունակութիւն «Հ1»ի կողմէ շեշտուած է հետեւեալը. «Այդ պատուհանի փակուելու վտանգին մասին թերթը առաջին անգամ բարձրաձայնեց իր 114-րդ տարեդարձի խմբագրականին մէջ: Հակառակ նիւթական դժուարութիւններու, տարիներու պատմութիւն ունի թերթը։ Թուրքիոյ մէջ խորացող տնտեսական ճգնաժամ, լիրայի արժեզրկում, համավարակ. ասոնք թերթը ճգնաժամի հասցուցած ոչ բոլոր պատճառներն են»: Արա Գօչունեան, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի չորրորդ սերունդի խմբագիրն է, կը բացատրէ. «Վերջին տասնամեակին պոլսահայ համայնքին մէջ խիստ պառակտում կայ: Եւ այդ իրավիճակին մէջ, ափսոս, որոշ վարչական շրջանակներ, որոնք համայնքի պաշարները կը տնօրինեն, սկսած են թիրախաւորել ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը՝ համոզուելով, թէ սա այնպիսի անկախ լրատուամիջոց մըն է, որ չեն կրնար իրենց ցանկալի հունին մէջ պահել՝ ի հեճուկս իրենց տրամադրած միջոցներուն»:
Առաջին ալիքը տեղ տուած է նաեւ Արա Գօչունեանի խօսքերուն, ըստ որոնց այսօր ԺԱՄԱՆԱԿ-ը ոչ մէկէն կախում ունի: Օրաթերթը հիմա օգնութիւն կ՚ակնկալէ, որպէսզի շարունակէ ըլլալ Իսթանպուլի հայկական համայնքի անկախ խօսափողը:
Հաղորդման մէջ աւելի վերջ մէջբերուած են Արա Գօչունեանի կողմէ հեռավար զրոյցի ընթացքին կատարուած այլ յայտարարութիւններ։ Առաջին ալիքի սփռումը շարունակուած է ըստ հետեւեալի. «Գլխաւոր խմբագիրը փափաք կը յայտնէ, որ իրենց հնչեցուցած ահազանգը հասանելի դառնայ, արձագանգ գտնէ ամենալայն շրջանակներէն՝ յոյս ունենալով, որ հայ իրականութեան մէջ կ՚ըլլան կառոյցներ, անհատներ, որոնք կրնան գնահատել Իսթանպուլէն բարձրացած ձայնին նշանակութիւնը: ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ղեկավարութիւնը այս բարդ փուլը անցընելու համար՝ որպէս առաջին քայլ, կը կարեւորէ օրաթերթի՝ առնուազն յառաջիկայ մէկ տարուան անխափան գործունէութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ միջոցներ ունենալը: Խօսքը մօտ 150 հազար տոլար գումարի մասին է, որ կը ներառէ տարածքի վարձակալութեան, տպագրութեան եւ աշխատակազմի ծախսերը: Այս խնդրանքը յստակ հասցէատէր չունի: Հակառակ չորս-հինգ տարի ձգուող նիւթական դժուարութիւններուն, այս պահուն օրաթերթը չունի պարտքեր եւ ստացուելիք գումարները միայն ապագային ուղղուած պիտի ըլլան»։
«Մեր հասած այս վիճակը ղեկավարման ձախողման, թերացումի, սայթաքումի կամ մսխումի հետեւանք չէ: Ինչ միջոց, որ պիտի ներդրուի այս օրաթերթին համար, առաջին վայրկեանէն պիտի սկսի անմիջապէս նպատակին ծառայել», մասնաւորապէս ընդգծած է գլխաւոր խմբագիրը:
«Հ1»ի հաղորդումը եզրափակուած է հետեւեալ յայտարարութիւններով. «Եթէ կարելի չըլլայ յաջողութեան հասնիլ, 1908 թուականէն ի վեր լոյս տեսնող պարբերականին համար 2022 թուականը կը դառնայ վերջինը: Բայց այդ մասին մտածել չ՚ուզեր ղեկավարութիւնը, անձնակազմը օրական աշխատանքի կը շտապէ՝ լիայոյս ըլլալով, որ դեռ տասնամեակներ պիտի շարունակեն ամէն օր չորս էջի մէջ ամփոփել Հայաստանի, սփիւռքի, Պոլսոյ համայնքի կարեւոր անցուդարձները»: