ԿԱՂԱՊԱՐՆԵՐԷ ԴՈՒՐՍ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) այս շրջանին կրթական բնագաւառէ ներս նոր որոնումներու մէջ է եւ հետամուտ՝ նոր նախաձեռնութիւններու։ Երկար տասնամեակներէ ի վեր ՀԲԸՄ հայաշխարհէ ներս կրթադաստիարակչական գործունէութեան հիմնական մղիչ ուժերէն մին եղած է՝ միշտ խրախուսելով ամենաարդի պայմաններէն եւ հնարաւորութիւններէն հայ իրականութեան օգտուիլը։ Վերջին օրերուն ՀԲԸՄ Նիւ Եորքի կեդրոնէն հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութիւնով մը տեղեկացուած է, որ ՀԲԸՄ նորարարութեան արուեստանոցներու մեկնարկ տալով՝ հայկական երանգ կը հաղորդէ STEAM կրթական դրութեան։

Ներկայիս, STEAM կրթութիւնը (գիտելիքներ որոնելու եղանակ, որ կ՚առաջնորդէ ուսանողներու ճանաչողութիւնը, երկխօսութիւնը եւ քննադատական մտածողութիւնը՝ օգտագործելով գիտութիւն, արհեստագիտութիւն, ճարտարագիտութիւն, արուեստներ եւ ուսողութիւն) կը փոխէ ուսուցանելու ամբողջ պատկերը: ՀԲԸՄ վերջերս իւրայատուկ նախաձեռնութիւնով մը միացաւ այս շարժումին, որ կը կոչուի Նորարարութեան արուեստանոցներ (Innovation Studios)։ Այս քայլը կ՚անդրանցէ կաղապարուած մտածելակերպը՝ հնարաւորութիւն տալով միջնակարգ ու երկրորդական դպրոցական տարիքի հայ աշակերտութեան ո՛չ միայն ձեռք ձգելու վաղուան յաջողութեան խրթին թէ պարզ հմտութիւնները, այլեւ՝ կապ հաստատելով միեւնոյն ժամանակ հայկական ինքնութեան հետ, որպէս գործընթացի բաղադրիչ։ Ըստ ՀԲԸՄ-ի աղբիւրներուն, «Innovation Studios»ի Ձմեռ-Գարուն դասընթացքներուն արձանագրութիւնը կ՚աւարտի 20 փետրուար 2022 թուականին։ «agbuinnovationstudios.org» կայքէջը կարելի է այցելել բոլոր մանրամասնութիւնները իմանալու եւ արձանագրուելու համար։ Ձմեռ-Գարուն առաջին դասընթացքները պիտի սկսին 26 փետրուարին՝ տասշաբաթեայ աշխատանիստերով, շաբաթը անգամ մը՝ շաբաթ օրերուն, ՀԲԸՄ-ի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» կեդրոնին մէջ, Փասատինա, Քալիֆորնիա։ Առաւօտեան եւ յետմիջօրէի դասընթացքները բաց պիտի ըլլան երիտասարդներու՝ ուսումնասիրելու համար բազմատեսակ նիւթեր։

ՀԲԸՄ-ի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափի կրթական ծրագիրներու ղեկավար Նարէ Աւագեան «Innovation Studios»ի տեսլականը նկարագրեց որպէս՝ մշակութային իւրայատուկ փորձառութիւն, նորօրինակ միջոցներով ներգրաւելու համար հայ համայնքը։ «Մեր նպատակն է տրամադրել ստեղծագործական տարածք, ուր աշակերտները պիտի կարենան ազատօրէն ուսումնասիրել իրական աշխարհի նիւթեր եւ լուծել բարդ մարտահրաւէրներ՝ օգտագործելով ստեղծագործական եւ քննադատական մտածողութիւնը։ Կը յուսանք, թէ զիրենք կը զինենք այնպիսի գործիքներով եւ կարողութիւններով, որոնք անհրաժեշտ պիտի դառնան իրենց կրթական եւ մասնագիտական ճանապարհին վրայ՝ միեւնոյն ժամանակ խորացնելով անոնց հայկական ինքնութիւնը»։

ՀԲԸՄ-ի այս ծրագիրը գործնական բաց աշխատանիստերով միջավայր մը պիտի ըլլայ, պիտի գործէ կառուցուածքային, աւանդական դասարանի դասական ծրագրէն տարբեր փոքր խումբերով, իւրաքանչիւր երիտասարդ պիտի կարողանայ փայլիլ իր ինքնադրսեւորման ձեւերով։ Հնարաւորութիւն ընձեռուած պիտի ըլլայ եռաչափ տպիչներու (3-D printers) եւ լազերային (laser) կտրիչներու ամենավերջին ծրագիրները գծանկարչութեան (graphics), արուեստի, երաժշտութեան, լուսանկարչութեան, տեսանկարահանման, animation-ի, ռոպոթաշինութեան (robotics) եւ խաղեր պատրաստելու, ինչպէս նաեւ աւանդական արուեստներու եւ արհեստներու համար զանազան նիւթերու հարուստ ծրագրակազմի՝ միտքն ու երեւակայութիւնը դարձնելու համար աւելի հնարամիտ եւ իւրօրինակ:

Մասաչուսէց նահանգի Քէյմպրիճ քաղաքին մէջ գործող «NuVu» ստեղծագործական կրթութեան մասնագէտներու հետ խորհրդակցելով՝ «Innovation Studios»ն համագործակցութիւն, քննադատական մտածողութիւն եւ կապեր կը յառաջացնէ տարբեր կեանքի ոդիսական ունեցող հասակակիցներու միջեւ։ Իւրաքանչիւր աշխատանիստ պիտի ղեկավարուի մասնագէտի մը կողմէ, որ մասնագիտացած է STEAM-ի յատուկ ոլորտին մէջ եւ յատկապէս պատրաստուած՝ որպէս վարիչ, ծառայելու փորձառական ուսուցման համար։ Իւրաքանչիւր STEAM-ի համար կան առանձնայատուկ հմտութիւններ։ Այսպէս, յաջորդ ձմեռնային դասընթացքներուն կ՚առաջարկուի երկու աշխատանիստ։ Առաջինը՝ կենդանի ճարտարապետութիւն (Living Architecture), որ մասնակիցներուն պիտի ներկայացնէ յղացական ձեւաւորում (conceptual design), կայուն համակարգեր (sustainable systems), ճարտարապետական ձեւաւորում (architectural design), նախագծում (sketching), scale model building եւ պարզ մեքենականութիւններ (simple mechanisms), իսկ երկրորդը՝ ինքնադրսեւորում (Self-Illumination), որ կը ներկայացնէ արտադրանքի ձեւաւորում, գաղափարներու գրաւոր շարադրում, նախագծում (sketching), լազերային կտրում, 3-D տպագրութիւն, քոտաւորում եւ ելեկտրոնային սարքեր։ Այս բոլորը հարուստ գործիքակազմ են լուսաւոր միջավայրի մէջ ինքնարտայայտուելու համար։

ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամուհիներէն Լենա Սարգիսեան, որ կը վերահսկէ միութեան Կրթական բաժանմունքը, դիտել կու տայ, թէ մեծ հետաքրքրութիւն եւ ոգեւորութիւն զգացած է ՀԲԸՄ-ի Արեւմտեան ափի ծնողներու եւ պատանիներու հետ հանդիպումներու ընթացքին։

«Որպէս ծնող, այս օրերուն դուք անընդհատ կը բախուիք հետեւեալ բառերուն հետ. ստեղծարարութիւն, քննադատական մտածողութիւն եւ համագործակցութիւն։ Նաեւ, արտադպրոցական շուկան յագեցած է բազմապիսի ընտրանքներով, ինչպէս օրինակ՝ համակարգչային դասարաններ, ռոպոթաշինութիւն, STEAM եւ շատ աւելին։ ՀԲԸՄ-ի «Innovation Studios»ը կ՚ընդելուզէ վերը նշուածները, ո՛չ միայն հմտութիւնները զարգացնելու, այլ նաեւ՝ նոր մտածելակերպ զարգացնելու համար։ Խօսքը մեր երիտասարդներուն ուժ տալու, իրաւասութիւն տալու մասին է, որպէսզի պատրաստ գտնուին ընդունելու ցանկացած մարտահրաւէր։ ՀԲԸՄ-ի «Innovation Studios»ը կը կարեւորէ արհեստագիտական հմտութիւններու զարգացումը եւ համատեղելով ստեղծագործական եւ ձեռնարկատիրական կարողութիւններու հետ, այս բոլորը կը դրոշմէ հայկականութեամբ»։

Աւագեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Նորարարարութեան տիպային աշխատանոցներու գործունէութեան ներկայ միտումները: Նախ, արուեստանոցի վարիչին ղեկավարութեամբ իւրաքանչիւր դասընթացքի մասնակից խումբ կը ծանօթանայ իր տրամադրութեան տակ գտնուող թուային ծրագիրին եւ նիւթերուն։ Ծանօթանալով այս տարբերակներու պաշտօնին եւ կիրառութիւններուն, անոնք պիտի համաձայնին, թէ հայկական ինչպիսի՞ նախագիծ կամ արտադրանք մշակեն՝ որպէս խումբ։ Թեման կրնայ գալ հայկական ճարտարապետութենէն, հայոց լեզուէն, հին արուեստներէ, պատմական դէմքերէ կամ դէպքերէ, պատգամէ կամ պատմուածքէ, որոնք կը փափաքին կիսել աշխարհի հետ տարբեր մետիայի պատմութիւններու միջոցներով, ինչպէս օրինակ՝ պար, արուեստներ, շարժանկար եւ գրաւոր խօսք։ Վերջնական արդիւնքը պիտի ներկայացուի հանրութեան, որմէ ետք մասնակիցները կրնան արձանագրուիլ յաջորդ աշխատանիստին։ Ամառնային դասընթացքին համար «Innovation Studios»ը բաց է երկուշաբթիէն ուրբաթ, օրական մինչեւ 6 ժամ, ամէն երկու շաբաթը մէկ նոր աշխատանիստով։

Աւագեանի համաձայն, ամենատարբեր մասնակիցներու ներկայութիւնը ցոյց պիտի տայ Լոս Անճելըսի հայ համայնքին լայն ժողովրդագրութիւնը. Հայաստանէն եւ Մերձաւոր Արեւելքէն նոր ժամանածներ պիտի աշխատին հինգերորդ սերունդի ամերիկահայ ուսանողներու կողքին։ Ան նաեւ նշեց, թէ «Innovation Studios» մոտելը կարելի է կիրառել հայկական բոլոր համայնքներէն ներս։

«Որպէս հեռանկարային քայլ, կ՚ակնկալենք, որ մեր մասնակիցները յետագային կապ հաստատեն Հայաստանի եւ աշխարհի այլ կողմերը ապրող իրենց հասակակիցներուն հետ, կատարելով ստեղծագործական, համագործակցային աշխատանք։ Մենք կ՚ուզենք, որ անոնք խոր մտածեն։ Կը ցանկանք, որ դառնան հայ երիտասարդ նորարարներու, ստեղծագործներու յաջորդ սերունդը, ո՛չ միայն մեր հայ համայնքին մէջ, այլեւ՝ համաշխարհային մակարդակի վրայ»:

Երկուշաբթի, Փետրուար 7, 2022