ԹՈՒՐՔԻԱ ԽՈՐ ՍՈՒԳԻ ՄԷՋ
Թուրքիոյ արեւելքի, հարաւի եւ հարաւ-արեւելքի քաղաքները աննկարագրելի կացութեան մը մատնուած են։ Երկրաշարժի հետեւանքները այնքան ծանր են, որ բառերը անբաւարար կը մնան նկարագրելու համար։ Երէկ առաւօտեան շատ կանուխ ժամերուն պատահած երկրաշարժէն վերջ, Քահրամանմարաշի մէջ կէսօրուան ժամերուն վրայ հասաւ նոր՝ ռիխթերեան չափանիշով 7.6 սաստկութեամբ երկրաշարժ մը։ Սա արդէն պատճառ դարձաւ, որ զոհերու եւ վիրաւորներու թիւը միանգամընդմիշտ բազմապատկուի։ Առանց այդ նոր ահաւոր ցնցումին ալ ազդեցութեամբ կացութիւնը արդէն ողբերգական էր, սակայն, այդ ցնցումին ալ վրայ հասնիլը ամէն ինչ ծանրացուց ա՛լ աւելի։
Թուրքիան բառին բուն իմաստով մատնուած է խոր սուգի։ Երկրի տասնեակ քաղաքներ կը դիմագրաւեն անբնութագրելի փլուզումի մը մարտահրաւէրը։ Մարդիկ, որոնք կորսնցուցած են իրենց հարազատները, մէկ կողմէ կը ջանան բուժում ապահովել վիրաւորներու համար, իսկ միւս կողմէ արդէն բոլորովին անօթեւան մնացած են։ Ծանրածանր հոգեբանութեան եւ ահաւոր պայմաններու ներքեւ աղէտի հետեւանքներուն դէմ սկսած է պայքար մը։
Ստեղծուած իրավիճակին մէջ պետութիւնն ալ կը ջանայ բոլոր ուղղութիւններով հասնիլ կարիքներու դիմագրաւման։ Թէ՛ պետական մարմինները եւ թէ՛ հասարակական կառոյցներ, հանրային հաստատութիւնները արդէն զօրաշարժի ենթարկուած են, բազում կամաւորներով հանդերձ։ Երկիրը կը ջանայ այս փորձութենէն դուրս գալ նաեւ ամրապնդելով միասնականութիւնն ու համախմբուածութիւնը։ Երկրաշարժի լոյսին տակ քաղաքական բոլոր շրջանակներէն համերաշխութեան եւ իրերօգնութեան կոչեր կը հնչեն։
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ կրթական հաստատութիւնները մէկ շաբաթով ընդհատած են իրենց գործունէութիւնը։ Աղէտի գօտիի քաղաքներէն ներս կանգուն մնացած բազմաթիւ զբօսավայրեր արդէն իրենց դռները բացած են աղէտեալներուն համար։ Փոխադրամիջոցներու ընկերութիւններն ալ այս շրջանին սակագիներու զեղչի գացած են՝ տեղափոխութիւնները դիւրացնելու համար։
Միւս կողմէ, միջազգային բեմահարթակի վրայ ալ կը շարունակուին այս երկաշարժին արձագանգները՝ մինչ աշխարհի չորս ծագերէն զօրակցութեան տրամադրութիւններ կ՚արտայայտուին ի նպաստ Թուրքիոյ։