ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Անգարայի «Կազի» համա-լըսարանի դասախօսներէն Փրոֆ. Ռեֆիք Թուրան նշանակուեցաւ Թուրք պատմութեան հաստատութեան (Türk Tarih Kurumu-TTK) նախագահ։ Իր նշանակումէն անմիջապէս վերջ Ռեֆիք Թուրան յայտարարութիւններ ըրաւ «Հապէրթիւրք» օրաթերթին եւ այս շրջագծով անդրադարձաւ նաեւ հայկական հարցին։ TTK-ի գլուխը անցնելէ վերջ իր ծաւալելիք գործունէութեան շուրջ ենթադրութիւններուն վրայ կանգ առաւ Թուրան, որ առաջին առթիւ գործի պիտի լծուի՝ կեդրոնանալով հայկական հարցին վրայ։ Ըստ իրեն, հայկական հարցին շուրջ առերեւոյթ կողմերը կը հանդիսանան Թուրքիան եւ Հայաստանը, սակայն իրականութեան մէջ պարագան այսպէս չէ։ Ռեֆիք Թուրան բացայայտօրէն ըսած է, թէ այս խնդիրը կը նկատէ մեծ տէրութիւններու հաշուեյարդարը Թուրքիոյ հետ։ Հետեւաբար, ինք կը ծրագրէ սոյն հարցին կապակցութեամբ աշխատիլ վերոյիշեալ տեսանկիւնէն։
Մանաւանդ Ապրիլի 24-ին ընդառաջ ան կը պատրաս-տուի խտացեալ աշխատանք կատարել հայկական հարցին առընչութեամբ։ Ըստ նորա-նշանակ տնօրէնին, հայկական հարցը ունի քաղաքական, գիտական եւ քարոզչական չափումներ։ Թուրանի բացատրութիւններով, հայկական հարցի պարագային մշակուած են կարճաժամկէտ, միջնաժամկէտ ու երկարաժամկէտ ծրագրեր։ Առաջին հերթին նախ գիրքի մը հրատարակութեան աշխատանքը խնդրոյ առարկայ է, որուն պիտի յաջորդէ փաստավաւերագրական բնոյթով ժապաւէն մը։ Կը նախատեսուի առարկայական գործ մը պատրաստել, որպէսզի ան համոզիչ ըլլայ կողմերուն համար, ինչպէս նաեւ կողմերէ դուրս երկիրներուն տեսակէտէ։ Այս նիւթին շուրջ TTK-ի գլխաւորութեամբ կարգ մը հաստատութիւններ ծաւալած են գործունէութիւն։ Թուրան յայտնեց, թէ ներկայիս այդ գործունէութեան արդիւնքը պիտի ծանօթացուի հանրային կարծիքին։ Իսկ երկարաժամկէտ առումով՝ խնդիրը պիտի քննարկուի քաղաքական, իրաւական եւ գիտական տեսանկիւնէն, արդիւնքները պիտի բաժնուին համաշխարհային հանրային կարծիքին հետ։
Ռեֆիք Թուրան 1956 թուա-կանին ծնած է Սպարթայի մէջ։ 1978 թուականին աւարտած է Անգարայի համալսարանի Պատմութեան բաժինը։ 1980 թուականին նոյն համալսարա-նէն ներս դարձած է մագիս-տրոս ու երեք տարի վերջ՝ պաշտպանած տոքթորականը։