ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու Նիւ Եոր­քի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մու­նի հետ։ Տե­սակ­ցու­թեան ա­ւար­տին վար­չա­պե­տը եւ ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը սար­քե­ցին հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ ՄԱԿ-ի կեդ­րո­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցած հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին Տա­վու­տօղ­լու բա­ցատ­րեց, թէ Կիպ­րո­սի հիմ­նախն­դի­րը քննար­կուած է ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն։ Ան յի­շե­ցուց, որ 2004 թուա­կա­նին թրքա­կան կող­մը պաշտ­պա­նած էր ՄԱԿ-ի նախ­կին ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Քո­ֆի Ան­նա­նի կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած ծրա­գի­րը։ Վար­չա­պե­տին հա­մոզ­մամբ, նախ­քան իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շրջա­նին ա­ւար­տի­լը՝ Պան Քի Մունն ալ պէտք է ծրա­գիր մը մշա­կէ կիպ­րա­կան խնդրի կար­գա­ւոր­ման հա­մար։

Ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին վար­չա­պե­տը անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ Ի­րա­քի հար­ցին։ Թուր­քիա կը տե­ւա­կա­նաց­նէ իր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը Ի­րա­քի բո­լոր կող­մե­րուն հետ եւ իր դիր­քո­րո­շու­մը յստակ է։ Բաց աս­տի, վար­չա­պե­տը բա­ցատ­րեց, թէ ՄԱԿ-ի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դը խոր­քին մէջ յստակ ռազ­մա­վա­րու­թիւն մը չու­նի Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ բռնա­մի­ջոց­ներ չի կրնար գոր­ծադ­րել Սու­րիոյ ներ­կայ վար­չա­կազ­մին կող­մէ, քի­միա­կան զէն­քե­րու գոր­ծա­ծու­թիւ­նով կա­տա­րուած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն դէմ։

Տա­վու­տօղ­լու մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ ը­րաւ նաեւ Ե­գիպ­տո­սի վի­ճա­կին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ըստ էու­թեան, Տա­վու­տօղ­լուի բա­նա­ձե­ւու­մով, Ե­գիպ­տոս կը հան­դի­սա­նայ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին կա­յու­նու­թեան ող­նա­յա­րը։ Իս­կա­պէս ու­նի վիթ­խա­րի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նով մը պայ­մա­նա­ւո­րուած ան­ցեալ մը։ Ե­գիպ­տո­սի ժո­ղո­վուր­դը պատ­մակա­նօ­րէն թուրք ժո­ղո­վուր­դի բա­րե­կամն է։ «Ես գի­տեմ, թէ Ե­գիպ­տո­սի մշա­կոյ­թը որ­քան խոր է եւ Ե­գիպ­տո­սի ժո­ղո­վուր­դը որ­քան հպարտ։ Ա­ռանց Ե­գիպ­տո­սի տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս չ՚ըլ­լար ծա­ւա­լուն կա­յու­նու­թիւն մը», ը­սաւ Տա­վու­տօղ­լու եւ ա­ւել­ցուց, թէ Թուր­քիա կը ձգտի Ե­գիպ­տո­սի եւ շրջա­կայ­քին տես­նել խա­ղաղ մի­ջա­վայր մը։ Վար­չա­պե­տի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով, թրքա­կան կող­մը մի­ջա­մուխ չ՚ըլ­լար Ե­գիպ­տո­սի ներ­քին գոր­ծե­րուն եւ այդ­պի­սի մտադ­րու­թիւն մըն ալ չու­նի։ Սա­կայն, այն­տեղ ընտ­րուած նա­խա­գահ մը բան­տար­կուած է։ Ե­գիպ­տո­սի մի­ջա­վայ­րը կ՚ազ­դէ նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նի կա­յու­նու­թեան վրայ։ Կազ­զէի եւ Պա­ղես­տի­նի պա­րա­գա­յին Ե­գիպ­տո­սի ստանձ­նե­լիք դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ նաեւ Թուր­քիոյ տե­սա­կէ­տէ։ «Կը յու­սանք, որ Ե­գիպ­տո­սի մէջ կը գո­յա­նայ նոր մօ­տե­ցում մը ու կը սկսի նոր շրջան մը։ Մենք կա­րիք կը զգանք ա­մուր ու կա­յուն Ե­գիպ­տո­սի մը», ը­սաւ Տա­վու­տօղ­լու։

Նիւ Եոր­քի շփում­նե­րուն ըն­թաց­քին Տա­վու­տօղ­լուի կող­քին էին Փոխ-վար­չա­պետ Ա­լի Պա­պա­ճան, Ելմ­տա­կան նա­խա­րար Մեհ­մէտ Շիմ­շէք եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ։

Շաբաթ, Մարտ 7, 2015